«Անգարա Կ՛առաջնորդէ Հիւսիսային Սուրիոյ Ընդհարումները` Պատճառելով Հայկական Նոր Տեղահանութիւն Մը» Կ՛ըսէ Ապու Ֆատել
Քաղաքական մեկնաբան-վերլուծաբան, իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հազարերորդ անգամն է, որ ամենայն նենգութեամբ, չարութեամբ ու ատելութեամբ Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւն նկատուող քրիստոնեաներուն դէմ յարձակում կը գործուի:
«Այդ յարձակումներուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ անցեալ շաբթուան ընթացքին հայաբնակ Քեսապի դէմ գործուած յարձակումը: Քեսապը շրջան մըն է, ուր ո՛չ զինուորներ կան, ո՛չ թնդանօդներ եւ ո՛չ ալ ճակատներ բացուած են. անիկա նաեւ թիրախ դարձաւ Քայիտայի յարձակումին, որ կը վայելէր քրիստոնեաներուն դէմ սերունդներէ ի վեր ատելութիւն տածող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հովանաւորութիւնը», ըսաւ ան:
Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրա շարժումը սէուտական զօրակցութիւն վայելող Իսլամական ճակատին հետ Քեսապի դէմ յարձակում գործած է եւ դարձեալ տեղահան ըրած 700 հայ ընտանիք, որպէսզի աւելի ուշ քանդէ անոնց դպրոցները, սրբապղծէ եկեղեցիները, ջարդէ խաչերն ու քանդէ եկեղեցւոյ զանգերը, ինչպէս էր պարագան Մաալուլայի, Ռապլէի, Եապրուտի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Ապու Ֆատել շեշտեց, որ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն շարքերուն մէջ մէկ քրիստոնեայ զինեալ իսկ չկայ` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պարտականութիւնն է իրենց յարաբերութիւնը խզել այսպէս կոչուած սուրիական յեղափոխութեան հետ: «Սխալը սրբագրելը առաքինութիւն է, յատկապէս Մարտ 14-ի մաս կազմող քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն եւ ի մասնաւորի Մարտ 14-ի անդամ հայկական քաղաքական ուժերուն համար», եզրափակեց Ապու Ֆատել:

