«Յանձնառու Եմ Նախագահական Ընտրութեան Համար Խորհրդարանի Յաջող Նիստ Մը Ապահովելու» Շեշտեց Պըրրի

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ ինք յանձնառու է նախագահական ընտրութեան համար խորհրդարանի յաջող նիստ մը ապահովելու` աւելցնելով, որ իր յառաջացուցած երեսփոխանական պատուիրակութիւնը կարգ մը հեղինակութիւններու եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն հետ հանդիպելու ժամադրութիւնները արդէն իսկ ճշդած է:
Խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք կարգ մը երեսփոխաններ հաստատեցին, որ Պըրրի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ եռօրեայ նիստերու` վաւերացնելու համար աշխատանքային հարուստ ծրագիր մը:
Երեսփոխանները յայտնեցին նաեւ, որ Պըրրի երէկ շեշտած է օրէնսդրական աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը եւ ընդգծած, որ նախագահական ներկայ նստաշրջանին ընթացքին խորհրդարանը օրէնսդրական բազմաթիւ նիստեր պիտի գումարէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի մամուլին հետ ունեցած իր տարբեր հարզազրոյցներուն մէջ յայտնած էր, որ անկախ նախագահական ընտրութեան առաջադրուած թեկնածուներէն, ինք պիտի ջանայ խորհրդարանին մէջ ապահովել հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու մթնոլորտը:
Նախագահական ընտրութեան կայացման առումով լաւատես ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ ինք ո՛չ լաւատես է եւ ո՛չ ալ յոռետես, այլ` պէտք է այդ գծով աշխատանք տարուի:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ:
Քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւններն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

