Քուէյթի Մէջ. «Պէտք Է Յանձնառու Մնալ Լիբանանը Շրջանային Տագնապներէն Բանիւ Եւ Գործով Չէզոք Պահելու Սկզբունքին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Միշել Սլէյման

Նախագահ Միշել Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած Արաբական վեհաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ յառաջիկայ տարիներուն իրենց ժողովուրդներուն ապագան կախեալ է արաբական աշխարհին մէջ չափաւորական ուժերուն գոյութեան պահպանումէն:

Այս առնչութեամբ նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է արաբական երկիրներուն մէջ պահպանել ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային հիմքերու վրայ միասնականացնել արաբական շարքերը եւ բարգաւաճեցնել Արաբական լիկան ու արաբական միացեալ աշխատանքը:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ մեծագոյն մրցակցութիւնը կը մնայ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական լուծման գծով ճնշում բանեցնելու եւ ազդելու իրենց կարողութիւնը:

«Անհրաժեշտ է լուծել արաբեւիսրայէլեան տագնապի բոլոր երեսները` հիմնուելով միջազգային օրինականութեան վրայ», ըսաւ ան:

Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն` Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն ազատ արձակումին կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, ան հաստատեց «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրութեան էականութիւնը` շեշտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

«Պէտք է յանձնառու մնալ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն բանիւ եւ գործով

չէզոք պահելու սկզբունքին», ընդգծեց նախագահ Սլէյման:

Քուէյթի Մէջ Հանդիպումներ

Նախագահ Սլէյման եւ Սուպահ իշխանը

Նախագահ Սլէյման եւ Սուպահ իշխանը

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Քուէյթի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ արաբ ղեկավարներու եւ պետական պաշտօնատարներու հետ:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, որուն լուծման առումով Քուէյթ պիտի օժանդակէ, որպէսզի տարբեր պետութիւններու կողմէ  Լիբանանին կատարուած աջակցութեան խոստումները իրականանան:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Թունուզի նախագահ Մոհամետ Մունսեֆ Մարզուքին եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալը:

Նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, թէ պաղեստինցի գաղթականները այս կամ այն քաղաքական ուժին նկատմամբ կողմնակալ չեն` աւելցնելով, որ անոնք կ՛ենթարկուին լիբանանեան պետութեան պարտադրած օրէնքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES