Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումներու Թէժացումին Զուգահեռ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը
Մինչ Թրիփոլիի մէջ երէկ յետմիջօրէին սկսած զինեալ բախումները կը սաստկանային եւ Ժապալ Մըհսենի ու Պապ Թըպպանէի մէջ սկսած կրակոցները կը վերածուէին հրասանդերով եւ նռնականետերով բախումներու ու արձակազինութեան,
հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ կը նախագահէր Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Իմատ Օսման, ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտ եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյր եւ հանրապետութեան նախագահի զինուորական խորհրդատու, նախկին նախարար Մարուան Շարպել:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի իրադարձութիւնները եւ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ տիրող օրինազանցութիւնը սանձելու քայլերը:
Նիստէն ետք կարդացուեցաւ խորհուրդէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին ընթացքին պիտի որդեգրէ ապահովական ծրագիր մը:
Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետ Սալամի հետ:

