«Օգն՛իր Եղբօրդ» Հիմնադրամը Կոչ Կ՛ուղղէ Միանալու Քեսապահայութեան Ցոյցին
«Օգնի՛ր Եղբօրդ» հիմնադրամը կոչ կ՛ուղղէ միանալու 27 մարտին Հայաստանի ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցին` նուիրուած քեսապահայութեան պաշտպանութեան:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին «Օգնի՛ր Եղբօրդ» հիմնադրամը եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը տարածած են հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Հայոց Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի նախաշէմին Թուրքիա կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը, որուն վերջին դրսեւորումը վերջերս թուրք-սուրիական սահմանին մօտ գտնուող բնակավայրերու վրայ Թուրքիոյ հրահրումով գործող ահաբեկչական խմբաւորումներու սանձազերծած գործողութիւններն են:
«Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերուն վրայ Թուրքիայէն ներթափանցած խմբաւորումներու յարձակման իբրեւ հետեւանք պղծուած է Քեսապի հայոց եկեղեցին, կողոպտուած են տուներ, մօտ 400 հայ ընտանիքներ տեղահան եղած են Քեսապէն եւ ապաստանած են Լաթաքիա: Քեսապի հայ բնակչութիւնը 1909-էն եւ 1915-էն ետք ասիկա երրորդ անգամն է, որ կ՛ենթարկուի Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած տեղահանութեան: Թուրքիոյ կողմէ քեսապահայութեան ուղղուած հերթական հարուածը կրկին տեղի կ՛ունենայ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ: Միջազգային հանրութիւն, որ իր կրաւորական կեցուածքով եւ թոյտուութեամբ կը խրախուսէ Թուրքիոյ այսօրինակ ոճրագործութիւնները եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը հայութեան նկատմամբ: ՄԱԿ-ը պէտք է կատարէ իր իրական առաքելութիւնը, դատապարտէ եւ կանխէ Թուրքիոյ քողարկած յարձակումը եւ միջոցներ ձեռնարկէ քեսապցիները իրենց բնակութեան մնայուն վայրը վերադարձնելու ուղղութեամբ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

