Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Պատրաստ Է Ընդունելու Քեսապի Հայերը Եւ Ապահովելու Անոնց Անվտանգութիւնը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հերքած է Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումին ժամանակ Թուրքիոյ տարածքը օգտագործելու եւ Թուրքիոյ կողմէ զինեալներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու մասին տարբեր պնդումները` զանոնք որակելով իբրեւ քաղաքական նպատակներով քարոզչութիւն:

«Որոշ շրջանակներու պնդումները, որով Քեսապի շրջանին մէջ տեղի ունեցող դէպքերու եւ անցեալի որոշ ցաւալի իրադարձութիւններու միջեւ զուգահեռներ կը գծուին` կը դիտարկենք իբրեւ քաղաքական քարոզչութիւն եւ կը դատապարտենք», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Թրքական կողմը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է իբրեւ մարդասիրական մօտեցում Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապաստան տրամադրելու եւ պաշտպանութեան տակ առնելու յատկապէս Քեսապի բնակիչները, եւ այս առնչութեամբ դիմած է ՄԱԿ-ի կառոյցներուն: Կը հաղորդուի, որ սուրիահայերու կարիքներու ապահովման համար անհրաժեշտ քայլեր պիտի առնուին:

«Թուրքիան, իբրեւ մարդասիրական եւ բարոյական պարտականութիւն, Քեսապի շրջանի սուրիահայերը երկրին մէջ ընդունելու եւ անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու ցանկութիւն յայտնած է եւ այդ մասին տեղեկացուցած ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կապ հաստատած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ պիտի շարունակէ բանակցութիւնները:«Ինչպէս միւս սուրիացի գաղթականներուն, այնպէս ալ սուրիահայերուն պահանջները բաւարարելու համար անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկուին», յայտնած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Անգարա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ
Թուրքիա Ապաստանիլ Փափաքող
Հայերուն Օժանդակելու

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը Դիմատետրի իր էջին ճամբով կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանը, երեքշաբթի, 25 մարտի յետմիջօրէին հեռաձայնով կապ հաստատած է Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ:

Տեսակցութեան ընթացքին հաղորդուած է, որ Տաւութօղլու կը հետաքրքրուի վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ պատահած դէպքերով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանէն յայտնած են, որ Տաւութօղլու տեղեակ է կացութենէն սուրիահայերուն, որոնք դժնդակ պայմաններու մէջ վնաս կը կրեն եւ կ՛ապրին շատ դժուար օրեր: Ըստ Տաւութօղլուի, եթէ կան անձեր, որոնք կը փափաքին ապաստանիլ Թուրքիա, նախարարութիւնը Միտեաթի մէջ հայեր ընդունելու տրամադրութիւն ունի: Այս հարցին կապակցութեամբ, նախարարութիւնը կը յայտնէ օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է Տաւութօղլուին, որ հետաքրքրուած է սուրիահայերու հարցով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES