Մայր Աթոռը Դատապարտած Է Քեսապի Մէջ Ընդդիմադիր Զինեալներու Գործողութիւնները
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 24 մարտին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ` Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերու գրաւման առնչութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք տարհանուած է բնակչութիւնը, մեծաւ մասամբ հայ ընտանիքներ, քանդուած եւ հրկիզուած են տուներ, պղծուած` սրբավայրեր:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին համաձայն, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է տեղի ունեցածին առնչութեամբ եւ դատապարտած է Քեսապի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ընդդիմադիր զինեալներուն կատարած գործողութիւնները, որոնց աջակցած է Թուրքիան: Զրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր աթոռին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին հաստատած է, որ Ս. Էջմիածինը աշխարհասփիւռ իր թեմական կառոյցներով կը շարունակէ իր աջակցութիւնը սուրիահայութեան` աղօթելով, որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի Սուրիոյ աստուածասէր ժողովուրդին կեանքին մէջ եւ տեղահանուած ու գաղթական ընտանիքները վերադառնան իրենց հայրենի օճախները:

