Դաշնակցական Գործիչներ Յարգեցին Արցախի Նահատակներուն Յիշատակը
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մարմիններու խորհրդաժողովին մասնակիցները` խորհրդաժողովի աւարտէն ետք յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին Աշոտ Բեկորի յուշարձանին առջեւ:
Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղելէ ետք խոնարհեցան Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան ազատամարտին ընթացքին նահատակուածներու յիշատակին:
CATEGORIES Հայկական

