123 Կոլ` 18 Մրցումի Ընթացքին. Լիվըրփուլի Հրաշք Մանուկը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կարճ, բայց հետաքրքրական յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Լիվըրփուլի 7 տարեկան հրաշք մանուկին` Պեն Թրումենի, որ ըստ երեւոյթին նոր ծագող ֆութպոլի աստղ մըն է եւ անկասկած յառաջիկային պիտի դառնայ Լիվըրփուլի յառաջապահ գիծին մէկ վտանգաւոր ֆութպոլիստը:
Ան այս տարեշրջանին 18 մրցումի ընթացքին նշանակած է 123 կոլ` իր ետին ձգելով խումբին նախկին աստղերը` Մայքըլ Օուընը եւ Իան Ռաշը, որոնք եւս կը փայլէին իրենց մանկութեան տարիներուն:
Փոքրիկ Պենը մաս կը կազմէ մանկական ֆութպոլի լիկայի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ուորինկթոն խումբին եւ արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր կը մարզուի Լիվըրփուլի դպրոցին մէջ:
Յատկանշական է, որ պատանի աստղը գերազանցեց Իան Ռաշի կոլսքորըրի նուաճումը, որ մէկ տարեշրջանի ընթացքին նշանակեց 72 կոլ` 11 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն: Ան նաեւ շրջանցեց Մայքըլ Օուընը, որ նոյն տարիքին նշանակեց 97 կոլ` տարեշրջանի մը ընթացքին:

