Մասնակցութեամբ Ութ Խումբերու. «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Մինի Ֆութպոլի 5-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Կազմակերպութեամբ Արտասահմանեան լրագրողներու ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան, սկսաւ հայաստանեան մարզական լրատու գործակալութիւններուն մինի ֆութպոլի 5-րդ մրցաշարքը:
Անոր կը մասնակցին հետւեւեալ ութ խումբերը. News.am, boom.am, emedia.am կայքերու, «Լայմ», «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայաններու, «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան, «Չորրորդ ինքնիշխանութիւն» թերթի եւ Արտասահմանեան լրագրողներու ֆետերասիոնին ձեւաւորած խումբը:
Մրցաշարքի հանդիսաւոր բացման մասնակցողներուն ողջունեցին Արտասահմանեան լրագրողներու ֆետերասիոնի նախագահ Տիգրան Յովհաննիսեան եւ ֆութպոլի վեթերան, վաստակաւոր մարզիչ Սեմիոն Իսրայէլեան: Այս ձեռնարկին ընթացքին պարային ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ «Արաբկիր» պարախումբը:
Մրցաշարքի փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 ապրիլին: Յաղթական խումբը պիտի պարգեւատրուի «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» 2014-ի տիտղոսով, մետալներով եւ պատուոյ գիրերով:
Պիտի տրուին նաեւ տարբեր տեսակի տիտղոսներ, ինչպէս` լաւագոյն մարզիկ, լաւագոյն յառաջապահ, մրցաշարքը լաւագոյն ձեւով նկարագրած լրագրող եւ այլն:
Նշենք, որ Արտասահմանեան լրագրողներու ֆետերասիոնը բարեկամական մրցաշարքեր կազմակերպելու շատ մեծ փորձառութիւն ունի:


