Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջի ճակատումներուն յայտագիրը, տուաւ շարք մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյններուն կ՛անդրադառնանք ստորեւ:

Իժթիմահիի դէմ տնօրինուեցան ծանր պատիժներ` նկատի ունենալով, որ անոր պատասխանատուներէն Անուար Ապտօ եւ Մոհամետ Ապտօ յաջորդաբար մէկ տարիով եւ վեց ամիսով կախակայուեցան:

Իժթիմահիի նախագահ Ապտալլա Նապուլսիի ուղղուեցաւ ձեռագիր նամակ մը, որպէսզի յառաջիկային փորձէ զսպել ինքզինք իրաւարարներուն դիմաց` զանոնք չանարգելով:

Իսկ նոյն ակումբի մարզիկներէն Մահմուտ Հըպլոս երեք մրցումով կախակայուեցաւ:

Ահլի Նապաթիէի պատասխանատուներէն Քասեմ Աթուէ կախակայուեցաւ երկու ամիսով:

Նշենք, որ մէկական մրցումով կախակայուողներուն շարքին եղաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական կազմին մաս կազմող Սարգիս Ազնաւուրեան, որ Շապապ Արապիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կարմիր քարտ մը ստացած էր:

Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՄԱՐՏ ԺԱՄ   ԴԱՇՏ
Իժթիմահի – Նըժմէ 2:15 Թրիփոլի
Շապապ Սահել – Թրիփոլի 3:30 Պէյրութ
ՇԱԲԱԹ, 29 ՄԱՐՏ    
Սալամ Զղարթա – Անսար 2:15 Զղարթա
Սաֆա – Ախա Ահլի Ալէյ 3:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՄԱՐՏ    
Թատամոն Սուր – Ահտ 3:30 Սայտա
Ռասինկ – Մապարրա 3:30 Ահտ
 

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 23-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՄԱՐՏ    
Նահտա Պար Էլիաս – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Խիարա
ՇԱԲԱԹ, 29 ՄԱՐՏ    
Թատամոն Պէյրութ – Շեպիպեթ Մազրաա 2:15 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՄԱՐՏ    
Սաժես – Խըյուլ 3:30 Սաֆա
Շապապ Ղազիէ – Ռիատա Ուալ Ատապ 3:30 Քֆարժոզ
Ամալ Թրիփոլի – Ահլի Նապաթիէ 3:30 Թրիփոլի
Նեպի Շիթ – Ահլի Սայտա 3:30 Նեպի Շիթ
 

Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՄԱՐՏ    
Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի – Ամալ Թրիփոլի 2:15 Զղարթա
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՄԱՐՏ    
ՀՄԸՄ – ՀՄՄ 3:30 Պուրճ Համուտ
Շեքքա – Շապապ Արապի 3:30 Զղարթա
 

ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ. 7-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՄԱՐՏ    
Ահտ – Շապապ Արապի 10:00 Ահտ
Նըժմէ – Անսար 11:00 Նըժմէ
Սաֆա – ՀՄԸՄ Պէյրութ 11:00 Սաֆա
Ժապալ Մաժտալպաանա – Ախա Ահլի Ալէյ 12:00 Անսար
Շապապ Թրիփոլի – Շեպիպեթ Մազրաա 12:00 Շարք
Մապարրա – Սալամ Զղարթա 12:00 Ահտ
Թրիփոլի – Իժթիմահի 12:00 Թրիփոլի
Share this Article
CATEGORIES