Ճատրակ. Ֆայսալ Խէյրալլա` Արագ Ճատրակի Լիբանանի Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Շըհիմի քաղաքապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն շուրջ 70 ճատրակ խաղացողներու:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 8,5 կէտ ապահովել ախոյեան հանդիսացաւ Ֆայսալ Խէյրալլա: 7-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին` Նեսիմ Սաքր եւ Մահտի Քահուրի:
Նշենք, որ տիտղոսակիրը ստացաւ նաեւ 750 ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուէյտաթի:
CATEGORIES Մարզական

