Ռուբէն Հայրապետեան Պատրաստ Է Քննարկելու Հայկական Ֆութպոլին Հետ Կապուած Հարցերը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Հայկական ֆութպոլի բոլոր համակիրները, ֆութպոլասէրները, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բարեկամներու ակումբի անդամները, լրագրողները եւ հայկական ֆութպոլով շահագրգիռ բոլոր անձերը կարելիութիւնը ունին 4 ապրիլին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ անոր նախագահին` Ռուբէն Հայրապետեանի մասնակցութեամբ բաց եւ անկաշկանդ զրոյցի ընթացքին քննարկելու հայկական ֆութպոլին, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յառաջիկային զարգացումներուն եւ ծրագիրներուն հետ կապ ունեցող բոլոր հարցերը, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակելու, կարծիքներ ու տեսակէտներ տալու»:
CATEGORIES Մարզական

