Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հաւատք ունեցէք ձեր բախտի աստղին, որովհետեւ ինչպիսի՛ արգելքներ ալ ունենաք ձեր ճամբուն վրայ, դարձեալ պիտի փրկուիք: Օրը բախտաբեր է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր դուք ձեզի պարտադրեցէք, որպէսզի իրիկունը դուրս ելլէք, երթաք հոն, ուր ձեզ սպասողներ կան: Փակուած մի՛ մնաք տան մէջ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամական ձեր հարցերը դասաւորելու պիտի լծուիք: Դրամատնային հաշիւներուն հսկեցէք` առանց մոռնալու ձեր ժամադրութիւնը այս առիթով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եոկա կատարել փորձա՞ծ էք արդեօք: Սկսեցէք այս աշխատանքին, որմէ շատ պիտի օգտուիք ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Հանգստանալու լաւագոյն ձեւն է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքը ծաղկուն բնոյթ պիտի ունենայ, որով ձեր ապագան եւս փայլուն կը նկատուի: Շարունակեցէք ձեր ճամբան, որ նպաստաւոր է միշտ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ընկերային յարաբերութիւնը շատ լաւ  չէ: Գիտցէք, որ իւրաքանչիւր անձ ունի իր բնաւորութիւնը, հետեւաբար ըստ այնմ վարուեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընտանի անասուն պահելու տրամադրութիւն ունիք: Կրնաք իրագործել ձեր փափաքը, բայց նոյն ատեն մտածեցէք անոնց խնամքին մասին, որ կը պահանջէ դրամական ծախսեր: Եթէ կրնաք, որքա՛ն լաւ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզանքը կը մնայ լաւագոյն միջոցը` պահելու համար ձեր բարեձեւ վիճակը: Այս կապակցութեամբ մի՛ ծուլանաք, կը կորսնցնէք` փոխանակ շահելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան կեանքի մէջ ամէն մէկ անդամ պէտք է խնամէ միւսը: Այս պարտաւորութիւնը նկատի առէք եւ մի՛ խուսափիք ձեր բարի գործերէն: Սիրով եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ տեղ մը երթալու պատրաստուած էք, պիտի ունենաք լաւ ուղեկից մը կամ հարազատ բարեկամ մը: Օրը նկատեցէք յաջող` նիւթապէս եւ բարոյապէս:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբաթը պիտի աւարտէք ամենայն յաջողութեամբ, լաւ կէտեր նշանակելով: Կրնաք բարեկամներով հաճելի պտոյտ մը կամ ճաշ մը կազմակերպել: Ուրախ եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խանդավառ էք, կ՛ուզէք յարաբերութիւն մը ստեղծել զուարթ անձերու հետ: Օրը բախտաբեր է, կրնաք ձեր ուզածը ընել առանց մտահոգութեան:

Share this Article
CATEGORIES