50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1964)
Հայ Յեղ. Դաշնակցութեան
Չորս Թեկնածուները
Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Պէյրութի եւ հիւսիսային Մեթնի ընտրական երկու շրջաններուն մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պաշտպանի եւ քաղաքական աննկուն առաջնորդի իր առաքելութեամբ, դարձեալ կ՛իջնէ ընտրական ասպարէզ` գօտեպնդուած հայութեան լայն զանգուածներու վստահութեամբ ու համակրանքով եւ փառաւոր յաղթանակի մը հեռանկարով, ինչպէս եղած է միշտ, այս երկրին նորագոյն պատմութեան ընթացքին:
Յստակ` իր քաղաքական ուղղութեամբ, այս երկրի, ինչպէս հիւրընկալ բոլոր երկիրներու անկախութեան եւ գերիշխանութեան ջերմ կողմնակից եւ օրինապահ հայութեան երախտագիտական զգացումներուն հարազատ արտայայտիչ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս անգամ եւս ընտրութիւններուն կը մասնակցի թեկնածուներով, որոնք իրենց անձնական արժանիքներով եւ ժողովրդանուէր ծառայութեամբ լաւագոյնս պիտի ներկայացնեն մեր համայնքը լիբանանեան խորհրդարանին մէջ:
Ընտրական երկու շրջաններու ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուներն են` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան (Պէյրութի առաջին ընտրաշրջան) եւ Անտրէ Թապուրեան (հիւսիսային Մեթնի ընտրաշրջան):
Մովսէս Տէր Գալուստեան
ՀՅ Դաշնակցութեան չորս թեկնածուներէն երիցագոյնն է Մովսէս Տէր Գալուստեան, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդը արժանաւորապէս կը ներկայացնէ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ, ուր իր վայելած յարգանքն ու վստահութիւնը նպաստաւոր կերպով կ՛անդրադառնան մեր հանրային կեանքին վրայ: Մովսէս Տէր Գալուստեանի տարիներու փորձառութիւնը, ուղղամտութիւնն ու իր կուսակցութեան յստակ քաղաքականութենէն բխող բարոյական բարձր հեղինակութիւնը ջերմօրէն գնահատուած են ցարդ ոչ միայն այս երկրի ժողովուրդին, այլ նաեւ պետական բարձր շրջանակներու կողմէ, որոնք անոր մէջ կը տեսնեն վսեմ արժանիքներու տէր մարդը եւ անկաշառ հանրային գործիչը, միշտ ի սպաս իր ժողովուրդին եւ լիբանանեան հայրենիքին:
Մուսա Տաղէն մինչեւ Սուրիա եւ Լիբանան, անոր ունեցած աւելի քան քառասնամեայ գործունէութիւնը, իր դրական բոլոր արդիւնքներով, զայն դարձուցած են սիրելին ոչ միայն մեր կազմակերպութեան, այլեւ` մեզի համակիր եւ բարեկամ հայկական բազմութիւններուն:
Ապրիլ 26-էն սկսեալ ան, եօթներորդ անգամն ըլլալով, պիտի գրաւէ իր աթոռը խորհրդարանին մէջ եւ, հետեւաբար, յառաջիկային եւս պիտի գտնուի դրական աշխատանքներու պատնէշին վրայ:
Մեթր Խաչիկ Պապիկեան
Մեր երկրորդ թեկնածուն է լիբանանահայ բոլոր առողջ շրջանակներուն լաւապէս ծանօթ եւ ամէնուն կողմէ սիրուած մեթր Խաչիկ Պապիկեանը, որ այս տարի, երրորդ անգամն ըլլալով, իջած է ընտրական պայքարի դաշտը` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուներէն մէկը: Շատ զօրաւոր է պայքարող մարդու ջիղը իր մէջ: Ունի իրմէ ակնկալուած պարտականութեանց ամբողջական գիտակցութիւնը, ատոր համար ալ հոգեւին եւ իր բազմատեսակ կարողութիւններով փարած է մեր գաղութը շահագրգռող բոլոր աշխատանքներուն: Սքանչելի արաբագէտ է եւ իրաւաբանի ու քաղաքական գործիչի իր յատկութիւններով, այլեւ պետական-քաղաքական շրջանակներու հետ ունեցած իր լայն կապերով, լաւագոյնս ծառայեց ան մեր գաղութին ու պիտի ծառայէ նաեւ այսուհետեւ:
Խաչիկ Պապիկեան իր բոլոր արժանիքներուն պսակումին արժանացաւ 1961-ին` հանդիսանալով առաջին հայ նախարարը լիբանանեան կառավարութեան մէջ, ուր իր ձեռնհասութեամբ եւ կարողութիւններով պատիւ բերաւ իր համայնքին:
Գլխաւորաբար, վարչական բարեկարգութեան գործին մէջ, Խաչիկ Պապիկեանի վարչագէտի արժանիքները անջնջելիօրէն պիտի արձանագրուին Լիբանանի պետական տարեգրութեանց մէջ` իբրեւ վկայութիւնը այդ մարզէն ներս իր ունեցած փայլուն յաջողութիւններուն:
Սուրէն Խանամիրեան
Սուրէն Խանամիրեան այս տարի, երկրորդ անգամ ըլլալով, իր թեկնածութիւնը դրած է մեր ցանկին մէջ` իբրեւ երրորդ ներկայացուցիչը ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր գործակից անկուսակցականներուն ու պէյրութահայ առեւտրական դասին: Երիտասարդ է եւ օժտուած` հասարակական ամէն աշխատանք տանելու յատկութեամբ եւ տրամադրութիւններով: Ծանօթ ու սիրուած դէմք մը եղաւ ան ազգային բարձր մարմիններու մէջ իր անդամակցութեամբ եւ վայելեց բոլոր շրջանակներու անվերապահ համակրանքն ու վստահութիւնը:
Երկու տարի առաջ Սուրէն Խանամիրեան տուաւ նաեւ դրական փաստը իր ժողովրդանուէր ծառայութեանց` իր անունը կապելով կոթողական գործի մը, որ վերջնականապէս սիրելի դարձուց զինք հայ ժողովուրդին: Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը, որ ներկայիս կառուցուելու վրայ է Ս. Նշանի ազգապատկան հողին վրայ, իր նիւթեղէն կառոյցէն անդին, հանրային զօրաւոր ջիղի մը արտայայտութիւնն է, որուն վկայութիւնը տուաւ մեր սիրելի թեկնածուն` խորապէս ըմբռնելով մեր ժողովուրդի կրթական մտահոգութիւնները ու հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ոչ մէկ կասկած, թէ հանրային ու ազգային ծառայութեան ճամբով Սուրէն Խանամիրեան այսուհետեւ եւս պիտի ունենայ նոյն պատրաստակամութիւնը եւ նուիրումի շեշտուած գիծը:
Անտրէ Թապուրեան
Հիւսիսային Մեթնի ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուն` Անտրէ Թապուրեան, ծնած` Պէյրութ, 1930-ին, երիտասարդ տարիքին կը նետուի քաղաքական ասպարէզ` իր խանդավառ տրամադրութիւններուն միացնելով ձեռներէց հայու բոլոր արժանիքները:
Բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած հայորդի մըն է Անտրէ Թապուրեան, որ իր երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք Պրումմանարէ, 1950-ին վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առեւտրական ճիւղէն, ապա հետեւելով Նիւ Եորքի ու Հարուըրտի համալսարաններուն` արժանացած է մասթըր աւ պիզնըս էտմինիսթրէյշընի եւ ապա` մեծ ձեռնարկներու վարչական տնօրէնութեան վկայականին:
Լիբանանեան հանրային կեանքին մէջ իր գործունէութիւնը սկսած է ծաւալ ստանալ 1951-էն ասդին, նախ` իբրեւ ընդհանուր քարտուղար ամերիկեան համալսարանի Շրջանաւարտից միութեան, որուն ներկայացուցիչը եղաւ 1955-ին, ամերիկեան բոլոր համալսարաններու շրջանաւարտից միութեանց համաշխարհային ժողովին: Այնուհետեւ, գլխաւոր գործակիցը` հանգուցեալ Էմիլ Պուսթանիի, որուն հետ ճամբորդեց երկրէ երկիր` Լիբանանի եւ արաբական երկիրներու ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելով:
Լիբանանեան կեանքին հետ սերտօրէն շաղախուած, շնորհիւ իր հաղորդականութեան, ունի բարեկամներու եւ ծանօթներու լայն շրջանակ մը այս երկրի նորահաս սերունդին մէջ, որ գնահատանքով կ՛արտայայտուի Անտրէ Թապուրեանի բարեմասնութեանց մասին:

