Արուեստի Աշխարհէն. Ելեկտրոնային Գիրքերը Կը Խթանեն Ընթերցանութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱԿԱՌԱԿ ԳԻՐԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ, ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԹՈՒԱՅԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ԵՆ Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ: ԱՆՈՆՔ Կ՛ՕԳՆԵՆ, ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ԿԱՊՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐԴԱՑԱԾ ԳԻՐՔԻՆ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՈՒԱՅՐՏ»:
Բրիտանական «Քուիք ռիտծ» բարեսիրական կազմակերպութեան մէկ վիճակագրութեան համաձայն, ընթերցողներ հակամէտ են շատ աւելի մեծ թիւով գիրքեր կարդալու եւ շատ աւելի երկար ժամանակ ընթերցելու, երբ կը գործածեն ելեկտրոնային գիրք (ի պուք) կարդացող գործիքներ: Այսպէս` ելեկտրոնային գիրք կարդացող գործիքներով ընթերցող բրիտանացի չափահասներուն 48 առ հարիւրը կ՛ըսէ, թէ արհեստագիտական այս միջոցը զիրենք կը մղէ աւելի կարդալու: Աւելի՛ն. վիճակագրութեան մասնակցողներուն 41 առ հարիւրը յայտնած է, թէ այս գործիքներով կարելի է անմիջապէս ստուգել իրենց անծանօթ մէկ բառին նշանակութիւնը, ինչ որ կը դիւրացնէ ընթերցանութիւնը: Մասնակցողներուն աւելի քան կէսը կ՛ըսէ, թէ գրութեան մը երեւոյթը կամ տառերուն չափը փոխելու կարելիութիւնը եւս կը նպաստէ ընթերցանութեան:
Վիճակագրութիւնը նաեւ ի յայտ բերած է, թէ ելեկտրոնային գիրքեր կարդացողներուն 62 առ հարիւրը թուային ձրի գիրքերու հասողութիւն ունենալով` կարդացած է գիրքեր, զորս այլապէս պիտի չկարդար: Ասիկա յատկանշական յայտնաբերում մըն է «Քուիք ռիտծ»-ի համար, որ 2006-էն ի վեր ձրի ելեկտրոնային գիրքեր կը տրամադրէ կարդալու նուազ հակամէտ չափահասներու:
«Քուիք ռիտծ» ո՛չ միայն ձրի ելեկտրոնային գիրքեր կը տրամադրէ, այլ նաեւ գիրքեր կը պատուիրէ գրել Պարպրա Թէյլըր Պրատֆորտի եւ Ճէյմս Փիթըրսընի նման լաւագոյն վաճառք արձանագրած հեղինակներու: Անոր գիրքերու ցանկերը կ՛ընդգրկեն երեւակայական եւ ոչ երեւակայական գործեր, գրական տարբեր սեռեր, ինչպէս նաեւ` «Տաքթըր հու» վէպերու շարքէն երկու հատորներ, որոնք պատշաճեցուած են սկսնակ եւ միջին ընթերցողներու մակարդակներուն: Ասիկա նկատառելի դիւրութիւն կ՛ընծայէ անոնց, որոնք կարդալու դժուարութիւն ունին եւ յաճախ կը նախընտրեն կարդալ մանկական գիրքեր կամ թերթեր:
Սակայն այս չի նշանակեր, թէ «Քուիք ռիտծ»-ի ելեկտրոնային գիրքերը պիտի խափանեն անոր տպագիր հրատարակութիւնները: Գրաճանաչութիւնը ուղղակի կ՛առնչուի եկամուտի հետ, հետեւաբար նաեւ` արհեստագիտութեան հասողութեան: Երեք տարի առաջ գրագէտ Շոնըն ՄքԿուայր կոչ կ՛ուղղէր` չհրաժարելու տպագիր հրատարակութիւններէն, որպէսզի թուային գործիքներու հասողութիւն չունեցող զանգուածները չզրկուին ընթերցանութեան բարիքներէն: Իրօք, տպագիր գիրքերը կենսական դեր ունին ելեկտրոնային գիրքեր կարդացող գործիքներու եւ համացանցի մնայուն հասողութենէ զուրկ շրջաններու տարածքին ընթերցանութիւնը հասանելի դարձնելու մէջ: Այս առումով` «Քուիք ռիտծ»-ի գիները արդէն մատչելի են: Անոր հրատարակութիւնները միջին հաշուով կը վաճառուին 1.66 տոլարի:
Հետեւաբար, նոյնիսկ երբ Քինտըլի նման ելեկտրոնային գիրքեր կարդացող գործիքներ հասանելի չեն բոլորին, անոնք գէթ կրնան օգնել, որ գիրք կարդալու հաճոյքը նոր յայտնաբերած անձեր կառչին իրենց սովորութեան:

