Արուեստի Աշխարհէն. Մոցարթի Թանգարանը Կը Միտի Շրջել Սալիերիի Առասպելը

Պատրասբտեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985mozԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾՆԵՐԷՆ Է. ՃԻ՞ՇԴ Է, ԹԷ ԱՆԹՈՆԻՕ ՍԱԼԻԵՐԻ ԱՐՍԵՆԻՔՈՎ ԹՈՒՆԱՒՈՐԱԾ Է ԻՐ ԵՐԲԵՄՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏ ՎՈԼՖԿԱՆԿ ԱՄԱՏԷՈՒՍ ՄՈՑԱՐԹԸ: ԵՐԲԵՄՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆՈՒԱԶ ԳՐԱՒԻՉ ԿԸ ԹՈՒԻՆ, ՔԱՆ` ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐԸ: «ՌՈՅԹԸՐԶ» ԿԸ ԳՐԷ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՇԱՐՔ ՄԸ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐ ՄԷԿՏԵՂԵԼՈՎ` ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼ ՍԱԼԻԵՐԻԻ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ:

Միլոս Ֆորմանի 1984-ին հրապարակուած հռչակաւոր «Ամատէուս» ժապաւէնը, որ հիմնուած է Փիթըր Շէյֆըրի թատրերգութեան վրայ, կասկածելու առիթ չի տար, թէ Սալիերի թունաւորած է Մոցարթը: Սակայն այժմ Վիեննայի մէջ Մոցարթի թանգարանը ձեռնարկած է արշաւի մը` փայլեցնելու համար Սալիերիի հռչակը իբրեւ աւստրիացի հանճարը քաջալերած անձ եւ փարատելու այն համոզումը, թէ ան չարանենգ էր եւ նախանձ:

Մոցարթաուսը այն տուն-թանգարանն է, ուր Մոցարթ ապրած եւ աշխատած է 18-րդ դարու վերջերուն: Այժմ նոր բացուած ցուցահանդէս մը Սալիերին կը պատկերէ իբրեւ բարեհամբոյր, տաղանդաւոր եւ ձեռներէց անձ մը, որ փառաբանած է եւ պատուած իր աշակերտները, որոնց շարքին` Լուտվիկ ֆոն Պեթհովեն եւ Ֆրանց Շուպերթ:

Սակայն, ցուցահանդէսը կազմակերպած մասնագէտներուն համաձայն, հարցը այն է, թէ շատ մեծ թիւով անձեր համոզուած են, թէ Սալիերի չարանենգ էր: Այս համոզումը հիմնուած է Շէյֆըրի 1979-ին հրապարակած թատրերգութեան վրայ, զոր չեխ բեմադրիչ Ֆորման նկարահանած է Փրակայի մէջ եւ անոր շրջակայքին, ուր բազմաթիւ թաղամասեր մեծ մասամբ պահած են Մոցարթի ժամանակներու իրենց պատկերը:

«Պարզապէս կը փափաքինք լուսաբանել ժողովուրդը եւ ցոյց տալ Սալիերիի իրական պատկերը, հեռանալ` երեւակայական կերպարի մը վերածուած անոր պատկերէն», կ՛ըսէ թանգարանին տնօրէնը` Կերհարտ Վիթեք:

Սալիերի ծնած է 1750-ին, հիւսիսային Իտալիոյ մէջ եւ Վիեննա տեղափոխուած է 15 տարեկանին: Ան իր տաղանդին շնորհիւ դարձած է կայսերական պալատին փայփայած երաժիշտը: Յօրինած է օփերաներ եւ երաժշտական այլ բեմադրութիւններ, հայրենասիրական կտորներ եւ սրբազան երաժշտութիւն, ունեցած է աշակերտներ:

Սալիերիի ընտանեկան նամակները ցոյց կու տան, թէ իրօք, Մոցարթի հայրը Լէոփոլտն է, որ Սալիերին կը նկատէր սպառնալիք` պատանի Մոցարթի ասպարէզին յաջողութեան, ինչպէս կ՛ըսէ ցուցահանդէսին պատասխանատուներէն` երաժշտագէտ Օթթօ Պիպա:

«Բացի մէկ բացառութենէ, Մոցարթ միայն դրական բաներ գրած է Սալիերիի մասին: Միայն մէկ անգամ ջղայնացած է Սալիերիէն եւ այդ ալ` ծիծաղելի պատճառով: Մինչդեռ Լէոփոլտ տեւաբար դժգոհութիւն կը յայտնէր Սալիերիի եւ բազմաթիւ ուրիշներու նկատմամբ: Ան կը մտածէր, թէ Սալիերի կրնար խափանել իր զաւկին յաջողութիւնը, հետեւաբար պէտք էր մրոտէր զայն», կ՛ըսէ Պիպա:

«Մոցարթ մահացած է 1791-ին: Անոր յաջորդած սերունդը յետադարձ ակնարկով աւելի խորացուցած է վիհը երաժշտական «իտալական» եւ «գերմանական» դպրոցներուն միջեւ` խորացնելով նաեւ տարբերութիւնը այս երկու երաժիշտներուն միջեւ», կ՛աւելցնէ Պիպա:

Գլխաւոր ապացոյցը, թէ այս երկու երաժիշտները սերտ յարաբերութիւն ունէին, այն է, թէ Մոցարթի կինը` Քոնսթանցէ Մոցարթի մահուան տարին ծնած իր զաւակը ուղարկած է Սալիերիի, որպէսզի մարզէ զայն իբրեւ երաժիշտ, ինչպէս կ՛ըսէ Ինկրիտ Ֆուխս, որ մէկտեղած է ցուցադրուած իրերը:

«Կը կարծեմ, թէ այս իրողութիւնը կը փարատէ կասկածները: Ոչ մէկ մայր իր զաւակը պիտի ուղարկէր աշակերտելու իր ամուսինը թունաւորած անձի մը: Ասիկա շատ հզօր ապացոյց մըն է», կ՛աւելցնէ ան:

Share this Article
CATEGORIES