Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստագէտներու 19 Խորհուրդներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՐԲԵՄՆ ԱՆԵԼ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆՈՒԻՆՔ ԵՒ ՊԱՏՈՒԱՐՆԵՐ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՆ ՄԵՐ ԴԻՄԱՑ: ՅԱՃԱԽ ՉԵՆՔ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՐ, ԹԷ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՆ ՈՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ՄԵՐ ՄԷՋ: ԵՐԲԵՄՆ ԻՆՔՆԻՆ ԳՈՐԾԸ «ԳԻՏԷ», ԹԷ Ի՛ՆՉ ՀՈՒՆՈՎ ՊԷՏՔ Է ԸՆԹԱՆԱՅ, ԻՍԿ ՄԵՆՔ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԽԱՐԽԱՓԵԼ: ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԳԻՐՔԷ ՄԸ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ` «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ԹՈՒԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՐԶ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԶՈՐՍ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԿԸ ԿԻՐԱՐԿԵՆ ԿԱՄ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԿԻՐԱՐԿԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՄԷՋ` ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԿԱՊԱՆՔՆԵՐԸ ՓՇՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԹԵՐԵՒՍ ՆԱԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՉՄՈՌՆԱԼ, ԹԷ ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՐԳԵԼԱԿՈՂ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐՈՒ` ԽՈՐՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ:
Պայման չէ հռչակաւոր գեղանկարիչ կամ քանդակագործ ըլլալ` պատկերացնելու համար, թէ որքա՛ն կը տառապին այն անձերը, որոնք կը ստեղծագործեն: Տառապանքը երբեմն ապտակի նման կը հարուածէ կամ կը սողայ ողնայարը ցնցող դողի մը պէս: Բոլորս ալ ապրած ենք ստեղծագործելու դժուարութեան տառապանքը: Կը սկսինք գաղափարներու շուրջ դառնալ, կը զգանք, թէ յառաջխաղացք արձանագրելը շատ հեռու է, մինչ ստեղծագործելու հրճուանքը տեղի կու տայ յաջողելու պարտադրանքին դիմաց:
Տանիէլ Քրայսա իր «Քրիէյթիւ պլոք» գիրքին մէջ կ՛արծարծէ ստեղծագործելու անկարողութեան վիճակը: Ան հարցազրոյցներ կատարած է արհեստավարժ, սիրողական, ուսած եւ ինքնուս 50 արուեստագէտներու հետ` գիտնալու համար, թէ աշխարհի ամէնէն ստեղծագործ անձերը ի՛նչ ձեւերով կը յաղթահարեն կասկածի տիեզերական զգացողութիւնը: Արդիւնքը, որ հարցազրոյցներու եւ արուեստի գործերու մէկտեղում մըն է, խորհուրդի եւ ներշնչումի աղբիւր կրնայ դառնալ արուեստի հակումներ ունեցող անձերու, գրագէտներու, ձեւագծողներու, գեղանկարիչներու, դերասաններու, պարողներու եւ այլ արուեստագէտներու համար:
Հրաժարեցէ՛ք «Կատարեալի» Ձեր Պատկերացումէն
«Պէտք է պահ մը հեռաւորութիւն պահեմ, խորունկ շունչ առնեմ եւ ես ինծի համոզեմ, թէ պարզապէս ծրագիր մը պիտի իրականացնեմ, եւ թէ` աշխարհի վերջը չէ, եթէ գործս կատարեալ չէ», կ՛ըսէ Պրուքլինի մէջ հաստատուած պատկերազարդող եւ գեղագրութեան վարպետ Մերի Քէյթ ՄքՏեւիթ:
Թոյլ Տուէք Ձեզի Քիչ Մը Զուարճանալ
«Կը զգամ, թէ անել կացութենէ մը դուրս կրնամ գալ, երբ աւելի կը խաղամ, քան կը տքնիմ», կ՛ըսէ Նիւ Հեմփշըրի մէջ հաստատուած արուեստագէտ եւ ուսուցիչ Արիս Մուր:
Մի՛ Վարանիք Լռութեան Մատնելու
Ձեր Ներքին Քննադատը
«Ներքին քննադատը կը յիշեցնէ հին դասընկեր մը: Պիտի ուզէիք, որ ան հանգիստ ձգէ ձեզ, սակայն ան կը շարունակէ հեռաձայնել եւ երկտողեր ուղարկել», կ՛ըսէ Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած պատկերազարդող Անթընի Զինոնոս:
Գիտցէ՛ք, Թէ Ձեր Մեծագոյն Թշնամին Դուք Էք,
Եւ Ոչ` Ձեր Գործը
«Պատուարներ մի՛ բարձրացնէք, երբ անոնք գոյութիւն չունին: Պարզապէս անցէք գործի եւ բան մը մէջտեղ բերէք», կ՛ըսէ Օրեկընի մէջ հաստատուած գեղանկարիչ Լիզա Կոլայթլի:
Սակայն Կարգ Մը Արգելքներ
Այնքան Ալ Վատ Չեն
«Պէտք է հաստատէք այն սեղմ շրջագիծերը, որոնց սահմաններուն մէջ պիտի աշխատիք, ինչպէս նաեւ ազատ ժամանակ պիտի յատկացնէք դուք ձեզի», կ՛ըսէ Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած գեղանկարիչ Թրէյ Սփիկլ:
Գտէ՛ք Ձեր Նշանաբանը Եւ Կառչեցէք Անոր
«Տեւաբար կը կրկնեմ նշանաբանս` Չարլզ Հորթըն Քուլիէն (ընկերաբան) հետեւեալ մէջբերումը. «Արուեստագէտը չի կրնար ձախողիլ, յաջողութիւն է ինքնին արուեստագէտ ըլլալը», կ՛ըսէ Գերմանիոյ մէջ հաստատուած լուսանկարիչ Մաթիա Հայտըրիխ:
Ժամանակ Յատկացուցէք Դուք Ձեզի
«Կը սիրեմ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ ընտանիքիս բոլոր անդամները տակաւին քնացած են, սուրճ խմելով աչքէ անցընել Փինթըրըսթի կամ Ֆլիքըրի նման կայքերու պարունակութիւնը», կ՛ըսէ Պոսթընի մէջ ստեղծագործող գեղանկարիչ Լիա Կիպըրսըն:
Եւ Դուք Ձեզ Շփացուցէք` Վերաթարմանալու Համար
«Մտերմութիւնը, հաւաքոյթները, երաժշտութիւնը, այս բոլորը բացառիկ կարողութիւնը ունին վերաթարմացնելու եւ մեր միօրինակ առօրեայէն դուրս բերելու մեզ», կ՛ըսէ Քանսաս բնակող արուեստագէտ Փերըկրայն Հոնիկ:
Մերթ Ընդ Մերթ Համեստացէք
«Հանճար մը չեմ, եւ գործս պարզապէս արտացոլացումն է իմ արտառոց ներաշխարհիս: Պարզապէս ճիշդ չէ վիրաւորուիլ` լսելով, թէ ուրիշներ ինչ կը մտածեն գործիս մասին», կ՛ըսէ Թորոնթօ հաստատուած խեցեգործ Ուենտի Ուոլկէյթ:
Երբ Կը Տատամսիք, Օգնութեան Դիմեցէք
«Կրնայի դիւրութեամբ անընդհատ դառնալ նոյն հարցին շուրջ` տեւաբար հարց տալով, թէ արդեօք ճի՞շդ ճամբուն վրայ կը գտնուիմ: Պարզապէս պէտք է վերջ դնել այս ոլորապտոյտին եւ օգնութեան դիմել», կ՛ըսէ Միլուոքի հաստատուած արուեստագէտ Քասանտրա Սմիթ:
Եւ Ներշնչման Աղբիւրներ Փնտռեցէք
Սովորական Վայրերու Մէջ
«Ներշնչումի աղբիւրներ կը գտնեմ գործիքներու վաճառատուներու մէջ, շինարարական վայրերու, դատարկ սենեակներու, այլոց խառնակոյտերուն, լաւ ձեւագծումներու եւ զրոյցներու մէջ, ինչպէս նաեւ` քնանալէ անմիջապէս առաջ», կ՛ըսէ Թեքսաս հաստատուած ձեւագծող Ալիսըն Ֆոքս:
Ձեր Ուղեղը Դասաւորելու Համար
Նախ Դասաւորեցէք Ձեր Աշխատավայրը
«Երբ արուեստանոցս կազմուեցաւ, իրապէս կը փափաքէի հոն երթալ: Շատ բնական կը թուէր աշխատանքի վերսկսիլը նոր գրասեղանի մը առջեւ», կ՛ըսէ Պրուքլին հաստատուած ձեւագծող Ճուլիա Ռոթման:
Գտէ՛ք Այլ Դիտանկիւն Մը, Նոյնիսկ`
Ֆիզիքական
«Երբեմն դժուար է անդրադառնալ, թէ սխալը ո՛ւր է, թէ` ի՛նչ պէտք է փոխել: Այս պարագային լաւ հնարք մըն է գեղանկարը գլխիվայր դարձնելը կամ զայն հայելիին մէջ դիտելը», կ՛ըսէ Շուէտ հաստատուած պատկերազարդող Քամիլա Էնկման:
Թոյլ Տուէք Դուք Ձեզի`
Ընդոստ Աշխատիլ
«Երբ չեմ կրնար ներշնչումի պահ մը օգտագործել, կը զգամ, թէ կարծէք կը զսպեմ փռնգտալս», կ՛ըսէ Թենըսիի մէջ փակցանկարներ (քոլաժ) ստեղծող արուեստագէտ Հոլի Չասթէյն:
Մի՛ Վախնաք Մարտահրաւէր Մը Իբրեւ
Արկածախնդրութիւն Ընդունելու
«Ամէնէն գեղեցիկ բանն է ստեղծագործելը. պարտաւոր չես մտածել այլ բանի մասին: Ոչ ոք կրնայ ձեռքէդ խլել գրիչը: Պէտք է շարունակես աշխատիլ` առանց ընկրկելու», կ՛ըսէ Թորոնթոյի մէջ ստեղծագործող արուեստագէտ Ամանտա Հափ:
Որովհետեւ Ձախողութիւնը Միայն
Մէկ Քայլ Հեռու Է Յաջողութենէն
«Կը փորձեմ աշխատանքիս ընթացքին չխուսափիլ արկածախնդրական քայլերէ, որովհետեւ գիտեմ, թէ ձախողութիւնը յաճախ կ՛առաջնորդէ հրաշալի արդիւնքի մը», կ՛ըսէ Մէյնի մէջ ստեղծագործող արուեստագէտ Շանըն Ռանքին:
Մի՛ Վարանիք Շրջելու Ձեր Գործընթացը
«Չափազանց կարեւոր է աշխատելաձեւ շրջելը, մտային եւ արհեստավարժական մարտահրաւէրներ ուղղելը մեր անձին: Այլապէս տաժանքի կը վերածուի գործը», կ՛ըսէ Ատըլէյտ (Աւստրալիա) մէջ հաստատուած արուեստագէտ Տայտր Պաթ-Հուսայմ:
Երբեմն «Գործը Երբեք Չ՛աւարտիր».
Խուճապի Մի՛ Մատնուիք
«Իմ աշխատանքիս մէջ միշտ չէ, որ գործերը կ՛աւարտին», կ՛ըսէ Պրուքլին հաստատուած արուեստագէտ Ամըլի Պարլեթթա:
Որովհետեւ Ստեղծագործութիւնը
Կը Ծնի Քանդելով
«Երբ դժուարութեան կը մատնուիմ թուղթի կամ կտաւի կտոր մը ձեւաւորելու պահուն, կը կտրեմ զայն: Կը սիրեմ բաներ կտրտել: Այս ձեւով անոնք կը վերագտնեն իրենց ներքին կարողականութիւնը», կ՛ըսէ Օնթարիոյի մէջ ստեղծագործող արուեստագէտ Ճեսիքա Պել:

