Լուսարձակի Տակ. Մրցաշարք Մը Ըլլալէ Աւելի

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

1962856Խուռներամ բազմութիւն, հազարներու հասնող խանդավառ երիտասարդութիւն, որոտընդոստ ծափողջոյններ, քաջալերական բարձրաձայն խօսքեր, ոգեշնչող կոչեր ու կանչեր, փող ու թմբուկ, երգ ու զուարճութիւն, յաղթանակներու յայտարարութիւն… Այս բոլորը կը վերաբերին վերջին օրերուն տեղի ունեցող Լիբանանի պասքեթպոլի այն մրցումներուն, երբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջիկներուն հաւաքականները ընդհանրապէս յաղթանակներ կ՛արձանագրեն:

Պանծալի եւ առողջ այս մթնոլորտը իր ունեցած ցուցական եւ համախմբող յատկութիւններուն կողքին, լուսարձակի տակ կը բերէ այնպիսի հանգամանքներ եւ վերլուծութիւններ, որոնք առաւե՛լ կ՛արժեւորեն ձեռք բերուած նուաճումները:

ՀՄԸՄ-ի մրցաշարքերուն ներկայացող բազմութեան ազգային ու քաղաքական պատկանելիութիւնը յստակ է լիբանանեան հանրութեան ու մանաւանդ քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Հազարներու հասնող քաջալերողներուն թիւն ու կարգապահ ներկայութիւնը ինքնին քաղաքական պատգամ է եւ կ՛ամրագրէ հայութեան դերն ու տեղը լիբանանեան բազմակուսակցական խճանկարին մէջ: Այս բազմութիւնները անգամ մը եւս կը վերահաստատեն, թէ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը  կազմակերպուած հանրութիւն է:

Աշխատանքային պարզ օրերուն, Լիբանանի տարբեր շրջաններէ ՀՄԸՄ-ի հաւաքականը քաջալերելու եկող բազմահարիւր համակիրները կու գան անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ժողովուրդը կանգնած է իր հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ կառոյցներուն կողքին, կը զօրակցի ու կը քաջալերէ զանոնք: Խաղերուն ներկայ եղողը շատ յստակ կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդութիւնը ամբողջ հոգւով ու սրտով կը հետեւի իր քաջալերած խումբին, կ՛ուրախանայ անոր ձեռքբերումով, կը ցաւի ձախողութեամբ: Այլ խօսքով, յաղթանակը կամ պարտութիւնը, հանրային ըլլալով հանդերձ, իր սեփականը կը սեպէ: Հետեւաբար այս իրողութիւնը կը ջրէ այն մեկնաբանութիւնները, թէ նոր սերունդը սկսած է հեռանալ ազգային ու միութենական կեանքէ, չէ հետաքրքրուած հանրային կեանքով:

10003953Աւելի՛ն. մրցաշարքերուն ներկայ եղող իւրաքանչիւր հայ, անկախ թէ կը հետաքրքրուի մարզաշխարհով կամ ոչ, խաղերուն տիրող ոգեւորիչ ու հոգեպնդիչ մթնոլորտին շնորհիւ` կը լիցքաւորուի ազգային շունչով, կը վերակենդանացնէ պատկանելիութեան իր զգացումները ու հաւաքականութեան մը անդամ ըլլալուն ապահովութիւնը կ՛ապրի: «Պասքեթպոլէ չեմ հասկնար, տասը տարի է ներկայ չեմ եղած նման խաղի, տասը տարի է այսքան չեմ ոգեւորուած», կը խոստովանի ՀՄԸՄ-ը քաջալերելու եկող համակիր մը… Եւ ինչպէ՞ս չոգեւորուիլ եւ չփշաքաղուիլ, երբ հազարներ մէ՛կ մարդու նման, միասնաբար եւ ուժգնութեամբ, խաղացող խումբը յաղթանակի առաջնորդելու կը նպաստեն:

Միւս կողմէ, սակայն, նման մրցումներ անգամ մը եւս կը յիշեցնեն, թէ մեր միութիւնները կանգուն կը մնան շնորհիւ մեր ներկայութեան, անսակարկ նուիրումին, նիւթական ու բարոյական զօրակցութեան, մասնագիտական ու արդիական աշխատելաոճերուն: Փաստօրէն,  ՀՄԸՄ-ը պիտի չկարենար նման նուաճումներ արձանագրել ու ժողովուրդը իր շուրջ համախմբել, եթէ միութեան շարքերուն մէջ չգործէին միութեան գաղափարաբանութեան հաւատք ունեցող միութենականներ, մարզիկներ, վարչականներ, յանձնախումբի անդամներ, կամաւորներ:

Հետեւաբար, լոկ մրցաշարք մը ըլլալէ աւելի, նման իրադարձութիւններ հանրային մեր ներուժը արժեւորելու, յուսադրուելու, համապատասխան գնահատական տալու եւ ըստ այնմ`  նպատակադրուած եւ ազգօգուտ ծրագրեր գործադրելու առիթներ կը ստեղծեն:

 

Share this Article
CATEGORIES