Հայերէն-Յունարէն Բառարան. Բաց Պատուհան Դէպի Լեզու Եւ Քաղաքակրթութիւն

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

pararan-giragos-serko_23-1-14Յունահայ մեր իրականութեան մէջ երեք բառարաններ հրատարակուած են 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, երբ գաղութը, իբրեւ ուրոյն ու կազմակերպ հաւաքականութիւն, հիմնուեցաւ պատմականօրէն յաջորդական հանգրուաններով եւ մօտ հարիւրամեակէ մը ի վեր իր գոյութեան պայքարը կը շարունակէ ամէնօրեայ դժուարին պայմաններու մէջ:

Յունարէնէ-հայերէն առաջին բառարանը 335 փոքրածաւալ էջերէ բաղկացած` հայերէնի ուսուցիչ, հրատարակիչ ու գրավաճառ Արմենակ Յ. Գարանֆիլեանի առձեռն բառգիրքն է, լոյս տեսած` 1930-ին: Այս գիրքը աւելի քան կէս դարէ ի վեր հրապարակի վրայ չի գտնուիր սպառած ըլլալու պատճառով: Ի դէպ, անցնող տասնամեակներուն համապատասխան երկու լեզուներու բառամթերքը անհամեմատօրէն ճոխացած, անոնց գործածական իմաստները ժամանակակից հոլովոյթի ենթարկուած ու լեզուաբանական յարաբերակցութիւնները պատշաճեցուած են բառագիտական արդի եղափոխութիւններու պէսպիսութիւններով:

Երկրորդ բառարանը` յունարէնէ-հայերէն եւ 50.000 բառերէ կազմուած մեծածաւալ բառարան մըն է,  1240 էջերու մէջ ամփոփուած, հրատարակուած` 1999-ին, տոքթ. Խաչիկ Կարինեանի կողմէ: Նոյն բառարանը մուտք գործեց մեր կեանքին մէջ եւ իր անառարկելի օգտակարութիւնը ունեցաւ ոչ միայն յունահայութեան լեզուական նահանջ դիմագրաւող նոր սերունդներուն, այլեւ վերջին 20 տարիներուն` Հայաստանէն, Արցախէն, Ազրպէյճանէն ու Վրաստանէն Յունաստանի ողջ տարածքին հաստատուած մօտ 60,000 հայերու: (Վերջին քանի մը տարիներուն դժուար է ճշդել Յունաստան մնացողներու թիւը: Կարգ մը գնահատումներու համաձայն, այս թիւը իջած է կէսի):

Արդարութեան սիրոյն պէտք է նշել նաեւ, որ 15 տարի առաջ, իր ժամանակի հայագիտական անհրաժեշտութիւններէ բխող, շուրջ 25,000 բառերէ բաղկացած ու տարիներու աշխատանքի պտուղ հանդիսացող բառարան մը պատրաստելու աշխատանքը խնդրուեցաւ 2012-ին մահացած Նուպար Աճէրեանէն: Այս բառարանի հրատարակութեան ճակատագիրը յաջորդական թերացումներու պատճառով չիրականացաւ եւ բառարանը շարուած վիճակի մէջ կը մնայ հանգուցեալի կնոջ` Շաքէին մօտ, չհրատարակուած վիճակի մէջ:

Հայերէն-յունարէն բառարանի մը զգալի պակասը եկաւ գոցելու գրագէտ-թարգմանիչ  Յովհաննէս-Սարգիս Աղապատեանի եւ երկարամեայ վաստակաւոր դաստիարակ ու հայկական վարժարաններու տնօրէն Կիրակոս Մկրտիչեանի կողմէ պատրաստուած ու «Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթի հրատարակութեամբ` գրագէտ-դաստիարակ-լեզուաբան ու դասագրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի հիւթեղ նախաբանով:

Գիրքի առաջին էջերուն մէջ յունարէնով լոյս տեսած է բառարանի երկու հեղինակներուն ամփոփ կենսագրականը. յաւելեալ` բառարանի պատրաստութեան աղբիւրներու ցանկը, հայկական այբուբենը, ինչպէս նաեւ` հրատարակութեան առիթով Սերգօ Աղապատեանի խօսքը: Վերջին էջերուն մէջ (17 էջ) այբբենական կարգով լոյս տեսած է յատուկ անուններու օգտակար ու լուսաբանիչ ցանկ մը:

* * *

Բառարան մը տառացիօրէն կ՛օրինականացնէ լեզուներ բաղկացնող բառերու աղերսուած անանունութիւնը. կը գեղեցկացնէ խօսքի պաշարներ, համալեզու բառերու բաղկացուցիչ կառոյցներ եւ բառագիտական իմաստներու աշխարհը` պատմութիւն, մշակոյթ, առասպել, համակերպ մտաւոր կեանք եւ մեր տարուբերող առօրեայ ընկերութիւնը կը վերածէ բոլորիս ուզածին պէս` աւելի դիւրին, հաղորդական, աւելի յարաբերական ու ամբողջական:

Բառարան մը կը պատրաստուի յարատեւ զոհողութեամբ, անդադրում ջանքով, գիշերները լուսցնող երկար ժամերով, քիչ թէ շատ լծորդուած կուտակումներէն դուրս ժայթքող հոգատարութեամբ, մէկ խօսքով, գրական նուիրումի բաղկացուցիչ պարունակով ու հանգամանքով:

Բառարանի մը հիմնական դերակատարութիւնը շփոթներն ու անգիտութիւնը յստակացնելու ու մեկնաբանելու մէջ կը կայանայ: Աւելի՛ն. կը միտի համախումբ բառերու ընդմէջէն ընդունակ իմաստ, նշանակութիւն, արժէք, կենդանութիւն, բարոյահոգեբանական պատրաստութիւն ու պատասխանատուութիւն ընձեռել զայն օգտագործողին, որուն էջերուն մէջ կը փնտռէ, եւ վստահաբար ալ կը գտնէ, իր փնտռածին հաւաստիացումն ու կայունութիւնը հաստատող նախանշաններ:

Ինչպէս ազգերը կապուած են իրարմէ, այնպէս ալ բառերը կապուած են իրարու: Բառարանին մէջ կը գտնես այն, ինչ որ կը փնտռես. եթէ հետաքրքրուած ես, փնտռածէդ աւելի բան մըն ալ կրնաս գտնել. ովկիանոսին մէջ կորսուած լողորդի մը պէս, որ յանկարծ կղզի մը կը տեսնէ ու անոր երաշխաւորութեան ապաւինելով` իր շունչը անոր վրայ կ՛առնէ:

Բառարանները հիմնուած են ժողովուրդներու կեանքին ու պատմութեան վրայ, ուստի եւ կը պատկանին իրենց ու անցնող – գացող իրազեկ ժամանակներուն` գոհացնելով կրթադաստիարակչական թիրախներ, իմաստասիրական ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ` լեզուական զգայնութիւններու պահանջներ. կը փրկեն անցեալը, այլ նաեւ` այժմէականութիւնը. դեռ չենք խօսիր ապագայի մասին, քանի ժամանակը, ժամանակները, բնական տարողութեան ըմբռնումով մը կը խտացնեն եղածներուն, ու դեռ` աննախատեսելի ըլլալիքներու բացայայտումներ: Բառերը կը հիմնուին դէպքերու, եղելութիւններու վրայ եւ նոյն չափով ալ կը բնորոշեն իրենց ուսողական պարագիծը: Փաստօրէն, մեր դիմագրաւած կեանքի երաշխաւորն է: Կեանքի ճշմարտութեան վկայութիւնը ամէն վայրկեան մտային մարզանքի հետ ենթակայութեան մը կապուած է, մէկը միւսին լրացնելու հիւրընկալող գաղտնիքի մը վերծանումով:

Լեզուն բանիմացօրէն կը մարմնաւորէ յառաջապահ մտածումը. մտածումը կը դրսեւորուի լեզուով. լեզուական արտայայտութիւնը մեկնողական իմաստի ու իմացականութեան արտայայտութիւն է, որ երբեմն մեռած բառերն ալ կը կենդանացնէ: Ի դէպ, բառամթերքը կը հետեւի կանոնին, կանոնն ալ` անխուսափելիօրէն բառամթերքին: Չի բաւեր լաւ պատմութիւն, լաւ մշակոյթ, կրօն, փիլիսոփայութիւն ունենալ` առանց բառարանի. ընդհանրապէս առանց գիրքի ու գրադարանի օգնութեան: Բառերը ջիղ ունին, արիւն պարունակող երակ ունին եւ արիւնն է, որ կը խօսի, խօսուն կերպով կ՛արտայայտուի բառերու շնչող բջիջներու ընդմէջէն:

Լեզուն կը տրամադրէ իրերայաջորդ երկու դիմերես` գրական, այլեւ գաղափարական յատկանիշներով կառուցուած: Մեր ազգը իր ճակատագիրը կապեց իր լեզուին եւ մեր լեզուն` իր ազգին: Լեզուն ցոյց կու տայ իր զուգընթաց ծագումը, մե՛ր ծագումը: Լեզուն մեր ազգի անքակտելի ու անփոխարինելի մասնիկն է: Հայոց լեզուն համաշխարհային հնաւանդ լեզուական պատմութեան մէջ պարզ փակագիծ մը չէ: Մտաբերա՞ծ ենք, թէ ո՛ւր կը հասնի մեր լեզուական արժէքային իմաստը` առանց լեզուի մը վաւերական նախատիպի գնահատումին:

Ի՛նչ որ լեզուի մէջ, լեզուով կ՛ըլլայ, իմացական յեղափոխութիւն է: Նախ եւ առաջ գոյն կու տայ պատմութեան, մշակոյթին, յիշողութեան, ազգի մը գաղափարական ու ամէն տեսակի խորհրդանշական դրօշներուն:

Իմացէք. Փափուա Կուինէայի մէջ 820 բարբառներ կը խօսուին, բայց հարազատ լեզուով բառարան մը չկայ: Երկրի պաշտօնական լեզուն անգլերէնն է, որ կը խօսուի բնակչութեան մէկ տոկոսի համեմատութեամբ միայն: Ըսէք, խնդրեմ, փափուացիները ո՞ր հայրենիքի մէջ իրենց լեզուական հայրենիքը կը փնտռեն…

Երկիրները, հայրենիքները բառերով մուտք կը գործեն փայլուն աշխարհներու մէջ: Տանք օրինակ մը եւս:

Սիկիլիա կղզիին մէջ կը խօսուին 32 տարբեր բարբառներ, մէկը միւսին անհասկնալի, մէկը միւսէն տարբեր լեզուաբանական կառոյցով, կորիզով ու իմաստով: Բայց Սիկիլիան միայն մէկ լեզուով բառարան ունի` իտալերէն:

Հայերս բարեբախտութիւնը ունինք, տասնեակ բարբառներ ունենալով հանդերձ, լեզուական իմաստութեան աւանդութիւնը խտացնելու մեր ազգային նկարագրի եւ անոր արժէքները գնահատելու այն փիլիսոփայութեան մէջ, որ լեզուն կը խօսի ամէն ինչի առջեւէն ու ետեւէն: Լեզուն ճամբայ կը բանայ, որպէսզի մենք ուղիղ քալենք` ամբողջացնելով մեր քաղաքակրթական շահատենչութիւնը մարդկային կեանքի պատմութեան բովով:

* * *

Յոյն իմաստասէր Արիստոտելը պատգամած է, թէ անոնք, որոնք լաւ կրթութիւն կու տան զաւակներուն, պէտք է աւելի պատուուին անոնցմէ, որ ծնած են զանոնք, որովհետեւ ծնողներ կեանք կու տան զաւակներուն, բայց դաստիարակները անոնց կը շնորհեն լաւ ապրելու բնատուր կարողութիւն:

Տեսնենք` այսօր ի՞նչ է բառարանի մը նշանակային հասկացողութիւնը:

Հայութիւնը կը գտնուի տարաշխարհիկ խաչմերուկի մը մէջ. ո՞ւր է իր պատգամող խօսքը: Ահա, հո՛ս է: Մտաւորականը առանձին չի կրնար ապրիլ. ինքնաբուխօրէն ու բնական ճամբով քաղաքական իր մշակոյթը կը դրսեւորէ զանազան ու տարբեր բեղմնաւոր ձեւերով: Այս բառարանի պատրաստութեան շարժառիթը մտաւորական ինքնայատուկ պատկերացումի մը փաստն է: Փաստը փաստագրուած արձանագրութիւն մը չէ միայն, այլ` ինքնավարժ ստեղծագործութիւն ապացուցող վկայութիւն: Այդ վկայութիւնը մտաւորական ինքնութիւն կը հաւաստիացնէ իր բոլոր համեմատութիւններով:

Իւրաքանչիւր բառարան, դասագիրք, աւելի լայն իմաստով որեւէ գրական գործ` ճշգրիտ բան մը պէտք է տայ շահագրգիռ ընթերցողին. առանց որեւէ արտայայտութեան ճշգրտութեան` բառերը կը կորսնցնեն իրենց ստուգաբանող իմաստը, անջրդի ու խոպան տարածութեան կը վերածուին:

Սովորաբար բառարանները կը բնորոշուին ծաւալով, քանակով, որակով:

Բառարանը ամէն բանէ առաջ ու աւելի` ուժ է, երբ արմատական գիտութեամբ ու մասնագիտութեամբ կ՛օգտագործուի. իսկ տկարութեան կը վերածուի, երբ անգիտութեամբ կը թղթատուի, երբ մէկու մը կապը խզուած է իր լեզուին հետ: Կամայ թէ ակամայ մեր կազմաւորած փոքրիկ թէ մեծ աշխարհներու տեսակ-տեսակ շփոթներուն վրայ եկէք չաւելցնենք լեզուամտածողութեան շփոթն ալ: Բառարանը ուղեցոյց մը կը կազմէ, որպէսզի բառերուն իմաստները ճշգրտօրէն մեկնաբանուին ու լուսաբանուին:

Մեր լեզուն, բոլոր լեզուները, ժամանակ առ ժամանակ իրենց համար ճշդած կամ ճշդուած սահմաններէն անդին կը քալեն. այդ իմաստով ալ բառարանները տեւական շարժման ու զարգացման մէջ են: Զարգացումները պէտք ունին առողջ ու բարեբեր միջավայրի, ինչ որ արդիւնք է մասնագիտական գիտութեան ու բծախնդրութեան:

Որքան տարիները կ՛անցնին, հայերէնագիտութեան արժէքը այնքան կը տժգունի: Կը թուի, թէ որոշ անբաղձալի իրականութիւններու հետ պիտի պատրաստուինք հաշտուիլ. թերեւս հաշտեցումի շարքը վերջ չունենայ եւ նորանոր անակնկալներով ալ լեցուն ըլլայ:

Այսպէս կը կորսուի պատմութեան ինքնաճանաչումը, երբ լեզուն կը կորսուի, երբ լեզուն դիմագիծ կը կորսնցնէ: Ի՜նչ մեղք, երբ այս լեզուն հազարամեակներ կը խօսուի եւ այդ լեզուով գրուած է իր եւ ուրիշ ազգերու թանկագին պատմութիւնը, իր փայլուն թէ տխուր հոսանուտներով:

Լեզուն ինքնակերտ քաղաքակրթութիւն մը կը ստեղծէ: Քաղաքակրթութիւնն ալ մարդիկ կը ստեղծեն: Այսօր մեր քաղաքակրթութիւնը կը ճանչնանք շնորհիւ մեր լեզուին: Լեզուն ազգային քաղաքակրթութեան անբեկանելի ցուցանիշ է:

Սարգիս Աղապատեանի եւ Կիրակոս Մկրտիչեանի բառարանին մէջ մէկտեղուած բառերը զիրար լրացնող շարահիւսութեամբ կը ներդաշնակուին` յունական եւ հայկական տպաւորիչ բնութեան միջավայրին հետ: Աշխարհ մըն է, որ չի մոռցուիր: Այս իրականութիւնը երեւակայական իրականութենէ մը աւելի իրապաշտ ու գործնապաշտ տեսադաշտ մը կը պարզէ մեր առջեւ: Ճիշդ չէ անտեսել անոր ազնիւ մրցակցութեան առաւելութիւնները եւ իր փոխանցող արժանիքի ծանրութեան մէջ չգնահատել զայն:

Բառարանը պատրաստողներուն երախտապարտ ենք. սնուցիչ այս գործը առանց ազգային յանձնառու դրդումներու եւ մտաւորական զգայնութիւններու չ՛ըլլար:

Խոստովանի՛նք: Մեր բախտը մեզի հանդէպ լաւ վերաբերուեցաւ:

 

Աթէնք

 

Share this Article
CATEGORIES