Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Ուղղեց Քանատայի Վարչապետին Եւ Կառավարութեան` Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Քեսապի Հայութեան

TV_copyՔեսապի բռնագրաւման, քեսապահայութեան տեղահանումի հարցով եւ քանատական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը Քեսապի հարցին վրայ հրաւիրելու նպատակով, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնեց մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 25 մարտին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Օթթաուայի խորհրդարանի մամլոյ գրասենեակին մէջ: Նախաձեռնութեան կազմակերպական աշխատանքներուն օժանդակեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Գարիճիանիս: Քանատայի Շրջանային Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ խօսք առին Զօհրապ Մալէքը եւ Կարին Յովսէփեանը: Ներկայ էին քանատացի երեսփոխաններ` Քոսթաս Մէնէնկաքիս, Ճօ Տանիըլ, Չանկսէն Լիանկ, Հարոլտ Ալպրէխթ, Խօսէ Նիւնէզ-Մէլօ: Ներկայ էր նաեւ Սթէֆան Տիոնի գրասենեակէն ներկայացուցիչ մը:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, կոչ ուղղուեցաւ Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի եւ Քանատայի կառավարութեան, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Անգարայի վրայ` դադրեցնելու Քայիտային օժանդակելու քայլերը եւ ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութիւնները արգիլելու Սուրիա-Թուրքիա սահմանակէտը իբրեւ յարձակումներու տարանցիկ ճանապարհ օգտագործել:

Յանձնախումբը նաեւ դիմեց Քանատայի կառավարութեան, որպէսզի ան կոչ ուղղէ հակամարտ կողմերուն` բախումները դադրեցնելու եւ խաղաղ բնակչութեան  առիթ ստեղծելու բնակավայր վերադառնալու: Վարչապետ Հարփըրի կոչ ուղղուեցաւ, որ ան Սուրիոյ տրամադրուող քանատական 353 միլիոն տոլար մարդասիրական օժանդակութեան մէկ բաժինը տրամադրէ Քեսապի տեղահանուած հայութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES