Սուրիահայերը Քեսապի Ողբերգութեան Մէջ Թուրքիոյ Դերակատարութիւնը Շօշափելի Կը Նկատեն

Nerses-Sarkissian_KesabՏեղահանուած քեսապցիները Հալէպի ազգային իշխանութիւններու հոգատարութեան տակ են: Քեսապահայերը պիտի վերադառնան իրենց օճախները, երբ անվտանգ պայմաններ ստեղծուին: Անհրաժեշտ է Հայաստանի քաղաքական աջակցութիւնը ունենալ եւ միջազգային ատեաններուն մէջ դատապարտել Թուրքիոյ գործելաոճը, որով ան բռնարարքներու կը ձեռնարկէ Սուրիոյ դէմ:

Մարտ 26-ին «Ուրբաթ» ակումբին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Հալէպի ազգային իշխանութեան» ներկայացուցիչ Ներսէս Սարգիսեան նշեց, որ քեսապցիները հոգեպէս ցնցուած են, սակայն կարելին կը կատարուի, որ անոնք ոչինչի կարիք ունենան: Ան դիտել տուած է, որ Ազգային իշխանութեան կողքին են Կարմիր մահիկ կազմակերպութիւնը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ՀՕՄ-ը, որոնք կ՛օժանդակեն քեսապցիներուն: Անոր համաձայն` ներկայ հանգրուանին Քեսապի հարցով հայութեան ձեռնարկուելիք գործողութիւնները պէտք է ըլլան քաղաքական եւ մարդասիրական հարթութիւններու վրայ: Սարգիսեան նշեց, որ անհրաժեշտ է բողոքի ցոյցեր կատարել եւ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ: «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր է եւ այսօր ալ յարձակումի ձեռնարկած է, հատած է այլ երկրի մը սահմանները` իր մասնակցութեամբ քաջալերելով ահաբեկչութիւնը», դիտել տուաւ Սարգիսեան:

«Հալէպի ազգային իշխանութեան» ներկայացուցիչ Կարօ Եուզպաշեան նշեց, որ Քեսապի հայութիւնը պիտի վերադառնայ, երբ ապահով վիճակ ստեղծուի իր բնօրրանին մէջ: Թուրքիոյ գործօնը շատ բացայայտ է Քեսապի իրադարձութիւններուն մէջ: «Թուրքիան օժանդակած է ամէն ձեւով, նոյնիսկ մասնակցած է: Թուրքիոյ գործօնը մենք պէտք է շատ բացայայտ դարձնենք», շեշտած է Եուզպաշեան` աւելցնելով, որ Հայաստան պէտք է միջազգային ատեաններուն մէջ յստակօրէն դատապարտէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Քեսապի տեղահանութեան հարցին մէջ:

Ան նշեց, որ պարտադրուած արտագաղթելու պայմաններուն մէջ սուրիահայուն առաջին սեւեռակէտը Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախն են` իւրաքանչիւրին մասնագիտական գործունէութեան ոլորտներուն համաձայն:

Անոնք յայտնեցին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կրնան Հայոց ցեղասպանութեան եւ թուրքին իսկական նկարագիրի բացայայտման ծառայեցնել քեսապեան դէպքէն: Բանախօսները հաստատեցին, որ քեսապահայութիւնը անպայման կը վերադառնայ, որովհետեւ հողին ու ջուրին կառչած մարդիկ են անոնք:

Share this Article
CATEGORIES