Հաղորդագրութիւն Թիւ 8. Կոչ` Յանուն Քեսապի

0327latakiaԵրեք տարիէ ի վեր Սուրիոյ ապրած պատերազմական կացութիւնը 21 մարտ 2014-ին ընդգրկեց երկրի ծովեզերեայ շրջանին մաս կազմող ՔԵՍԱՊ հայաւանը եւ անոր շրջակայ գիւղերը:

Քեսապը, որպէս Կիլիկեան թագաւորութեան վկայարան, թէ՛ պատմական, թէ՛ աշխարհագրական առումներով իւրայատուկ իմաստ ունի համայն հայութեան համար ընդհանրապէս եւ սուրիահայութեան համար մասնաւորապէս:

Հայկական մշակոյթի անեղծ պահպանման, հայկական բարքերու ու սովորութիւններու տարածման եւ հայ օճախի վառ պահման փոքրիկ հայրենիք է Քեսապը: Հայկականութիւն բուրող այս տարածքը այսօր խոցուած է` իրեն հետ խոցելով ամէն հայու սիրտ ու հոգի:

Բնականաբար հայու ներկայութիւնն ու բարեկեցիկ կեանքը Քեսապի մէջ, ազգիս դարաւոր թշնամի Թուրքիոյ համար, հաշտ աչքով դիտուելիք բան չէր, եւ եթէ Թուրքիան նախապէս Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ հողերուն վրայ իր ոսոխի վարքը կը դրսեւորէր Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպելով, ապա այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին` սուրիական հայրենիքի հողերուն վրայ ան իր գործօն դերակատարութիւնը ի սպաս կը դնէ հարուածելու համար Սուրիան եւ հայութիւնը:

Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութիւնը կրկին անգամ կը քողազերծուի Քեսապի մէջ:

Քեսապ հայաւանը վիրաւոր է այսօր: Քեսապցիք ստիպողաբար տեղահանուած են եւ ապաստանած Լաթաքիոյ մէջ, ուր Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի հովանաւորութեամբ` Ծովափի (Քեսապի եւ Լաթաքիոյ) Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը կը փութայ օժանդակել եւ հոգալ ժողովուրդին անհրաժեշտ կարիքները: Անցնող երեք տարիներուն ընթացքին հայրենի թէ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները ջանացին նիւթապէս թէ բարոյապէս սատարել Սուրիոյ հայ համայնքին:

Այսօր տագնապահար շրջաններուն կը միանայ նաեւ Քեսապը: Այսօր քեսապահայութիւնն է, որ բոլորիս օգնութեան կարիքն ունի: Քեսապի եւ քեսապցիներուն նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյ բերքահաւաքի ժամն է: Քեսապի իւրաքանչիւր լեռ, այգի, ակ, աղբիւր յուշերու վկայարան եւ յիշատակներու մատեան է: Պէտք է տէր կանգնիլ այս բոլորին:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )