«Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ Եւ Անոնց Հետ Կապուած Աւանդութիւններ» Գրքոյկին Մասին
Ա. ԼԵՔԵԱՆ
Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի «Հայ եկեղեցւոյ տօներ եւ անոնց հետ կապուած աւանդութիւններ» գրքոյկը:
Իրապէս ազգապահպանման եւ անոնց սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները շատ հաճելի եւ ուսանելի կերպով ներկայացուած են հոն` փոխանցելու այդ բոլորը սերունդէ սերունդ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ դաստիարակչական յանձնախումբին պատրաստութեամբ, սոյն գրքոյկը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններուն` «Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակի առիթով:
Գլուխ առ գլուխ կը բացատրուի, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընկալէին եւ կը տօնէին Ամանորը զանազան ժողովուրդներ, բայց մանաւանդ` հայ ժողովուրդը: Կը խօսուի հայկական սովորութիւններու, տօնական ուտեստեղէններու, ճաշի տեսակներու, խմորեղէններու եւ կաղանդչէքներու մասին: Կը ծանօթանանք, թէ իւրաքանչիւր շրջանի եւ գաւառի մէջ ինչպէս կը տօնէին ամանորը:
Յաջորդող էջէրուն մէջ կը խօսուի տեառնընդառաջի մասին, կը բացատրուի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ տեառնընդառաջը եւ այդ օր կրակ վառելու սովորութիւնը ուրկէ՛ եկած է:
Ապա յաջորդ գլուխներուն մէջ կը խօսուի Բուն Բարեկենդանին կապուած սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու մասին: Ըստ հայկական սովորութեան, փակեալ խորանին օրը տիկնիկ մը կը պատրաստէին (ակլատիս) եւ գլխուն կը խրէին եօթը փետուրներ` Մեծ պահքի եօթը շաբաթները ներկայացնող:
Կան ուսանելի տեղեկութիւններ` հայկական սովորութիւններու ընդմէջէն Միջինքի, Ծաղկազարդի, Զատիկի, Համբարձման, Վարդավառի մասին: Բաւական լայն տեղեկութիւն կը տրուի հայկական հարսանիքին մասին, սկսած` Արտաշէս թագաւորի եւ Սաթենիկի հարսանիքէն հասնելով հայկական աւանդական հարսանիքները գաւառէ գաւառ:
Գնահատելի աշխատանք մըն է, որ պիտի նպաստէ դարերու խորքէն եկած մեր ծէսերուն եւ աւանդութիւններուն կառչած մնալու եւ փոխանցելու զայն սերունդէ սերունդ: