Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կարմիր Լուրեր… Քեսապէն

«Թո՛ղ մարդերը հասկնան, մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ…
Մարդուն չարիքը մարդուն դէմ»:
ՍԻԱՄԱՆԹՕ («Կարմիր լուրեր բարեկամէս»)

Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ բաղդատել Քեսապի մէջ վերջին օրերուն պատահածներն ու  վերոյիշեալ հայրենի հանրահռչակ բանաստեղծին ներկայացուցած արիւնաթաթախ բանաստեղծութիւններու շարքը` ի յիշատակ 1909-ի Ատանայի ջարդի զոհերուն:

Ճիշդ այդ տարին էր ապրիլի կէսերուն, երբ հինգ հազարէն աւելի թուրք խուլիկաններ յարձակեցան Քեսապին վրայ եւ հրկիզեցին ու թալանեցին գիւղերը:

Հազարներ հաշուող խուժանին դէմ քանի մը հարիւր հայորդի մարտիկներ դիմադրեցին, եւ ի վերջոյ ծովային ճամբով` ֆրանսական փոխադրանաւի մը օժանդակութեամբ, փոխադրուեցան Լաթաքիա:

Գրեթէ նմանօրինակ դէպքերու իրերայաջորդութիւնը պիտի կրկնուէր շրջանի մօտակայ հիւսիսային շրջանի Մուսա Լեռ գիւղին մէջ, ուր անգամ մը եւս ֆրանսական նաւ մը փրկած էր շաբաթներ շարունակ պայքարած հայորդիները: Եւ այս բոլորը կը պատահէր քանի մը տարի անց… Հայոց ցեղասպանութեան գագաթնակէտի օրէն` Ապրիլ 24, 1915-էն շաբաթներ ետք:

Այսպէս, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, երբ քաղաքակրթուած աշխարհ մը, հայ թէ՛ օտար, կը պատրաստուի նշել ահաւոր  դէպք մը… եղելութիւն մը, ահաւասիկ պատմութիւնն է, որ ինքզինք կը կրկնէ, սակայն բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ:

Կրօնամոլ համաշխարհայնացած ծայրայեղ շարժումներ նոյնիսկ աղաւաղած են «Սուրիոյ ներքին քաղաքացիական պատերազմ» հասկացողութիւնը, եւ բնականաբար ասոր իբրեւ հետեւանք իսկական ընդդիմութիւնը` տեղի տալով մէկ կողմէն շարունակ ճնշման տակ դնող Ասատի վարչամեքենային եւ յատկապէս միւս կողմէն` կրօնամոլ ծայրայեղ ահաբեկիչներու քաղաքականութեան դիմաց, հետզհետէ քաշուեցաւ քաղաքական հրապարակէն եւ նախընտրեց հեռու մնալ … նկատելով, թէ անձրեւի փոխարէն, արդէն իսկ կարկուտ կը տեղայ:

Առ այդ տեղին է նշել, թէ մենք բոլորս շատ լաւ կը յիշենք Քեսապի պատմութիւնը, որ վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, ցաւօք, հարուստ է հայերու տեղահանման իրողութիւններով: Այս հաստատումը, որ կատարեց նոյնինքն Հայաստանի նախագահը, յոյժ յիշատակելի եւ առաջնահերթ է, մանաւանդ որ դեռ այդ արհաւիրքի օրերուն, Ազգային ժողովին մէջ, բոլորովին անիրատես քաղաքական դէմքեր, ամենայն անտրամաբանութեամբ եւ ապիկարութեամբ, յայտնած էին թէ Քեսապի մէջ պատահած միջադէպերը, ներքին սուրիական հարցեր են եւ …պէտք չէ միջամուխ ըլլալ:

Այս քաղաքագէտները չէին հասկցած, թէ կը կատարուի… «Մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ… Մարդուն չարիքը մարդուն դէմ»: Անոնք չէին իմացած, թէ այս խուլիկան ահաբեկիչները ժամանած էին Քեսապ` Թուրքիոյ վրայով, եւ դէպքը կը պատահէր այն օրերուն, երբ վարչապետ Էրտողան ազդանշանը տուած էր իր ընտրարշաւին:

Կարմիր լուրեր Քեսապէն… «սուգ», «քաւութիւն», «դաշոյն»… սակայն աւարտին` «Յաղթանակ մը»: Սիամանթօն պայքարի ոճով աւարտած էր իր կոթողական քերթուածներու շարքը: … Քեսապցի հայորդին պիտի վերադառնայ իր հողին: Վհատելու կարիք չկայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )