Բաց Նամակ. Գրել Հայերէն Եւ Հայատառ

Orakir_Krel-HayerenՔանի մը տարի է արդէն, որ համացանցի «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ կը գործէ ՕՐԱԳԻՐ խումբը` իր հիմնադրութեան օրէն իսկ խումբին մէջ արտայայտուելու համար բացառապէս հայատառ հայերէնի գործածութիւնը իբրեւ անշրջելի սկզբունք ունենալով: Այսօրուան պատկերով գրեթէ 800 անդամներ հաշուող խումբին մէջ բազմիցս արծարծուած հարցերէն է համացանցի վրայ հայ անհատներու կամ հայկական հաստատութիւններու կողմէ օտար լեզուի եւ կամ լատինատառ հայերէնի գործածութեան ահազանգային պատկերը: Սոյն նիւթին շուրջ վերջերս տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին խումբի որոշ անդամներ առաջարկեցին բաց նամակով դիմել հանրութեան եւ պատկան մարմիններուն` անոնց եւս հասցնելու համար այս մտահոգութիւնը:

Առ այդ, ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք հետեւեալ տողերուն վրայ:

Պէտք է նկատի առնել հետեւեալ բացայայտ իրողութիւնները.

Ա.- Նոր սերունդին ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ համակարգիչի, համացանցի եւ մասնաւորաբար «ֆէյսպուք»-ի նման ընկերային ցանցերու գործածութեան տրամադրուած ժամանակը հետզհետէ աւելի ծանրակշիռ է, եւ հետեւաբար չափազանց ազդեցիկ` անհատի կազմաւորման եւ զարգացման համար: Այդ ժամանակը յաճախ կը հաշուէ աւելի քան տպագիր հրատարակութիւններու հետ շփման յատկացուած ժամանակը:

Բ.- Վերոյիշեալ ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութիւն եղող հայ անհատներու հաղորդակցութիւնը կա՛մ զուտ անգլերէն եւ կա՛մ աղաւաղեալ լատինատառ հայերէն է` ջախջախիչ մեծամասնութեամբ:

Գ.- Լեզուները կ՛ապրին ու կը պահպանուին ամէնօրեայ գործածութեամբ միայն: Գործածութեան չափն ու ձեւն են, որ կը ճշդեն անոնց ճակատագիրը: Իսկ այսօրուան դրութեամբ շատերու ամէնօրեայ գործածութեան մէջ անգլերէնը կամ լատինատառ հայերէնը համեմատաբար աւելի տեղ ունին քան` հայատառ հայերէնը, յատկապէս` համացանցի վրայ պարզուած վերոյիշեալ իրողութեան իբրեւ հետեւանք:

Դ.- Այս իրողութիւնը դիմակայելու ուղղութեամբ քարոզչական թէ գործնական ծրագիրներ դժբախտաբար նկատելի չեն առայսօր: Աւելի՛ն. հայապահպանութեան պարտականութիւն ունեցող որոշ կառոյցներ եւ հաստատութիւններ իրե՛նք եւս իրենց կայքէջերու եւ «ֆէյսպուք»-ի էջերու մէջ կը զիջին անգլերէնի կամ լատինատառ հայերէնի գործածութեան:

Հետեւաբար կոչ կ՛ընենք

Ա.- Հայկական վարժարաններու  տնօրէնութիւններուն`

Անպայմանօրէն կրթական ծրագիրներուն մէջ տեղ յատկացնել համակարգիչի վրայ հայերէն տառերու տեղադրման եւ օգտագործման դասաւանդումին: Այս` լրջագոյն մակարդակով եւ հետեւողական աշխատանքով, այնպէս մը, որ իւրաքանչիւր աշակերտ լիովին տիրապետէ համակարգիչի վրայ հայերէն տառերու գործածութեան:

Բ.- Հայկական հաստատութիւններուն, միութիւններուն, կառոյցներուն: Իրենց կայքէջերու եւ «ֆէյսպուք»-ի էջերու մէջ հայատառ հայերէնի գործածութեան տալ անզիջելի նախապատուութիւն:

Գ.- Հայ լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայկականութեան պահպանութեամբ մտահոգ իւրաքանչիւր հայ անհատի:

Համացանցի վրայ որպէս առօրեայ արտայայտութեան լեզու գործածել հայատառ հայերէնը եւ կարելի եղած միջոցներով քարոզչութիւն տանիլ այս ուղղութեամբ:

Իր կարգին ՕՐԱԳԻՐ-ը յառաջիկային աւելի լայն տեղ պիտի տայ այս երեւոյթի քննութեան, քննարկման եւ կառուցողական քննադատութիւններուն, ինչպէս նաեւ` հայատառ հայերէնի օգտագործման ուղղութեամբ քարոզչութեան:

Համացանցի եւ արհեստագիտութեան աշխարհներն են, որ կ՛իշխեն այսօր, ուզենք թէ չուզենք: Պէտք է գիտակցիլ սակայն, որ եթէ մէկ կողմէ սպառնալիք են անոնք, միւս կողմէ` կրնան իբրեւ գործիք եւ միջոց ծառայել:

Այնպէս ընենք, որ Աւետիք Իսահակեանի բառերով «Բարձր լեռներից եւ խորունկ ձորերից ծնուած» մեր լեզուն համացանցի մէջ չմեռնի…

ՕՐԱԳԻՐ խումբի համակարգող կազմ

ԾԱՆՕԹ.- Համակարգիչի վրայ հայերէն տառերու օգտագործման համար օգնութեան կարիք ունեցողները կրնան դիմել մեզի` գրելով հետեւեալ հասցէին` [email protected]

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )