Միրէյ Կոկիկեան «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Mireille-Goguiguian_AZTAGԵրեքշաբթի, 25 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց լիբանանահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեան: Ան «Ազդակ»-ի մշակոյթի յանձնախումբի անդամներուն հետ ունեցաւ տեսակցութիւն մը, որուն ընթացքին նախ քննարկուեցան գաղութը յուզող մշակութային հարցեր, ապա տեղեկացանք արուեստագիտուհիին վերջին տարիներու ստեղծագործական կեանքին ու անոր ձեռք բերած նուաճումներուն մասին:

Այս առիթով Միրէյ Կոկիկեան իր ստեղծագործութիւններէն գեղեցիկ գործ մը նուիրեց «Ազդակ»-ի: Անիկա պիտի արձանագրուի «Ազդակ»-ի հաւաքածոյի «Ոսկի ֆոնտ»-ին մէջ:

Նշենք, որ «Ազդակ» արդէն իսկ որոշած է ունենալ իր հաւաքածոյի «Ոսկի ֆոնտ»-ը, որ պիտի մնայ անձեռնմխելի, ուր պիտի արձանագրուին եւ պահուին մնայուն արժէք ներկայացնող այն բոլոր ստեղծագործութիւնները, որոնք կը նուիրուին կերպարուեստագէտներու կողմէ:

Միրէյ Կոկիկեան ստեղծագործական բեղուն ճանապարհ անցած այն գեղանկարչուհիներէն է, որոնց համար կեանքը անիմաստ պիտի ըլլար առանց գեղանկարչութեան: Անոր արուեստը արդէն իսկ դուրս եկած է Միջին Արեւելքի սահմաններէն ու հասած մինչեւ Փարիզ ու Թոքիօ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հասակ առած ու կազմաւորուած այս գեղանկարչուհին իր ստեղծագործական կեանքը սկսած է արտայայտչապաշտութեամբ` իբրեւ յանձնառու արուեստագէտ: Անիմաստ աւերներն ու ապագայի անորոշութիւնը կազմաւորեցին իր ներաշխարհը, ուր գեղեցիկի որոնումները զինք մղեցին դէպի կիսավերացականութիւն, ուր թէեւ կերպերը կը տարբաղադրուին, սակայն գունաբծային վրձնահարուածները ջերմ լուսաւորումներով կը ստեղծեն ներդաշնակ ու կշռութաւոր համադրումներ, որոնք գրաւիչ են ու ակնահաճոյ:

Միրէյ անոնցմէ չէ, որ խանդավառուած վերջին նորարարութիւններէն կը փորձէ արեւմուտքը տեղափոխել արեւելք, առանց կարողանալ մերուելու արտակեդրոն ու տարօրինակ արտայայտչաձեւերու հետ: Ան, օգտուելով հանդերձ արեւմուտքէն ձեռք բերած արհեստագիտական եւ գաղափարական նուաճումներէն, կը մնայ արեւելքցի: Այն առումով իր ստեղծագործական արմատները թէ՛ ոճային եւ թէ՛ խորքային իմաստով կը բխին իր ծննդավայրէն ու արեւելեան մշակոյթներէ եւ կը դրսեւորուին իբրեւ ջերմուջերմացնող տեսիլք:

Լիբանան հիմնական երեք գոյներ ունի: Ծովու եւ երկնքի կապոյտները, անտառներու կանաչն ու կղմինտրածածկ տանիքներու կարմիրը: Ան թէեւ կ՛օգտագործէ այս երեք գոյներն ալ հաւասարապէս, սակայն արքայական կարմիրի (Ծիրանիի) հանդէպ որոշ համակրանք ու ձգտում ունի, որովհետեւ Լիբանանի պարագային զայն Հին Փիւնիկի մէջ կը ստանային Միւրեքս խեցեղէնին, իսկ Հայաստանի պարագային` որդան կարմիրէն:

Ծիրանիի նրբերանգներով իրագործուած անոր կտաւները զարմանալիօրէն միաժամանակ կ՛արտայայտեն թէ՛ իր ներքին տագնապներն ու տառապանքները, եւ թէ միջավայրին ստացած տպաւորութիւնները, որոնք սակայն իբրեւ տեսիլք ու վերացարուած ճշմարտութիւն գեղեցկօրէն կը դրսեւորեն կտաւներու վրայ:

Միրէյ Կոկիկեան արդէն իր ստեղծագործական ուղին ճշդած ստեղծագործող մըն է, ու տակաւին շատ հեռուները երթալու եւ աւելի բարձրանալու լայն հնարաւորութիւններ ունի:

Այս առիթով մշակութային յանձնախումբը, «Ազդակ»-ի ողջ անձնակազմի անունով շնորհակալական խօսքէն ետք, նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ շնորհաշատ գեղանկարչուհիին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )