Վալտես Բացակայ` 2014-ի Մոնտիալէն

valdes.2703Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Վիքթոր Վալտես, որ նախանցեալ օր Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս տարեշրջանին իր կազմին կատարելիք բոլոր մրցումներուն, ինչպէս նաեւ Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին:

Վալտես, որ վիրաւորեց իր աջ ծունկը, շուտով պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան, նշեց անոր ակումբին հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )