Պայքաթոն – Թրիփոլիի Յայտագիրը
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կիրակի, 30 մարտին, կազմակերպութեամբ «Սոշըլ Ուէյ» միութեան, Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Պայքաթոն – Թրիփոլիի հեծելարշաւի մրցումը` «Թրիփոլին` խաղաղութեան քաղաք» անուան տակ:
Նշենք, որ հեծելարշաւի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Թրիփոլիի եւ Մինայի քաղաքապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանի միութիւններուն:
Անոր սկիզբի ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 10:15-ին: Առաւօտեան ժամը 8:30-ին հեծելանւորդները պիտի ստանան իրենց հեծանիւները, իսկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի ըլլայ մրցումին պաշտօնական բացումը:
Նշենք, որ մրցումին զուգահեռ պիտի գործածուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
CATEGORIES Մարզական

