«Էն. Պի. Էյ.». Ճէյմս Նշանակեց 38 Կէտ, Բայց Հիթ Պարտուեցաւ

Լեպրըն Ճէյմզ (աջին)

Լեպրըն Ճէյմզ (աջին)

«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Շարլոթ Հոռնեթց հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը, երբ երկարաձգման ընթացքին 116-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը:

Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լեպրըն Ճէյմս (38 կէտ), բայց անոր կազմը` Մայեմի Հիթ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 84-83 արդիւնքով պարտուեցաւ Ինտիանա Փէյսըրզէն:

Նշենք, որ երէկուան մրցումներէն ետք փլէյ-օֆի իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը մնացին անփոփոխ` Սան Անթոնիօ Սփըրզ, Ինտիանա Փէյսըրզ եւ Մայեմի Հիթ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Պրուքլին Նեթց 116-111
Ֆէոնիքս Սանզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 99-93
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 99-90
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 97-96
Մինեսոթա Վուլվզ – Աթլանթա Հոքս 107-83
Նիւ Օրլինզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 98-96
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ 84-83
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տենվըր Նակեթց 108-103
Նիւ Եորք Նիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 107-99
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 91-87

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Աթլանթա Հոքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Միլուոքի Պաքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES