«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 27 Ինքնաշարժներ Կը Մասնակցին Լիբանանի Գարնանային 30-րդ Ռելիին

Ապտօ Ֆըղալի իր ինքնաշարժով

Ապտօ Ֆըղալի իր ինքնաշարժով

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին կիրակի, 30 մարտին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի գարնանային 30-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ:

Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս տարի մասնակցութեան իմաստով նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ, որովհետեւ սոյն ռելիին կը մասնակցին 27 ինքնաշարժներ:

Այս ռելիին մասնակցող միակ հայ վարորդն է Յովիկ Գարակէօզեան, որ պիիտ վարէ «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-9» ինքնաշարժը, իր օգնականին` Ամին Աքըլի հետ:

Ներկայ է նաեւ այլ հայ մըն ալ` Վիգէն Գանլըճեան, որ Ուիսամ Քարամի (Մաթատոր) օգնականն է` «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-8» ինքնաշարժով:

Մասնակցողներուն կարգին են հանրածանօթ վարորդներ, ոոնց կարգին` Ապտօ եւ Ռոժէ Ֆըղալի եղբայրները, Նիքոլա Ամիունի, Թամեր Ղանտուր եւ ուրիշներ:

Այսօր` ուրբաթ, 28 մարտին տեղի պիտի ունենայ ինքնաշարժներուն քննութիւնը` «Պազըրճի» ընկերութեան (Տորա) մէջ:

Ռելիին ազդանշանը պիտի տրուի կիրակի, 30 մարտին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-էն, ուր նաեւ պիտի ըլլայ ժամանման գիծը եւ անշուշտ մրցանակաբաշխութիւնը, յետմիջօրէի ժամը 15:42-ին:

Նշենք, որ ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 308,04 քմ:

Նախորդ տարուան տիտղոսակիրը արդեօք պիտի յաջողի՞ տիտղոսը պահել իր մօտ, թէ՞ ոչ, հարցական կը մնայ` նկատի ունենալով, որ ըստ երեւոյթին այս տարի մրցակցութիւնը բաւական սուր կը թուի ըլլալ վարորդներուն միջեւ, կը տեղեկացնէ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»` իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES