Հայագիտութեան Վերաբերող Հարցերու Շուրջ Հարցազրոյց` Մհեր Յովհաննիսեանի Հետ
Երէկ` հինգշաբթի, 27 մարտին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հայագիտութեան վերաբերող հարցերու յատկացուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ իրավիճակին: Յովհաննիսեան այս ծիրին մէջ նշեց, որ «հայագիտութեան մէջ լուրջ յառաջընթաց գոյութիւն ունի, թէեւ ոչ այն կշռոյթով, որ կը փափաքէինք»:
Անդրադարձ կատարուեցաւ հայագիտութեան կրթական աշխատանքին, մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան մօտ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան հարցին:
Յովհաննիսեան` շեշտելով հայագիտութեան ներկայացուցած կարեւորութիւնը, նշեց. «Հայագիտութիւնը կապ ունի ազգային անվտանգութեան խնդիրին հետ»:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ: