Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս Եւ Սաժես Յաղթական. Այսօր` Ռիատի – Ամշիթ

Պըժժէ – Սաժես մրցումէն
(SPORTKELLO)
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Պիպլոս – Շանվիլ ճակատումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` Պիպլոսի յաղթանակով` 86-69 արդիւնքով (13-22, 31-34, 64-43 եւ 86-69):
Ինչպէս նկատելի էր, Շանվիլ տիրապետեց առաջին երկու քորթըրներուն, մինչ մնացեալ երկուքին անիկա բաւական տեղի տալով կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը, մինչ Պիպլոս արձանագրեց իր 10-րդ յաղթանակը:
Պիպլոսէն Ճեսմըն Եանկպլատ նշանակեց 24 կէտ եւ 4 ռիպաունտ, իսկ անոր խմբակից Ալի Քանաան` 12 կէտ եւ 5 ռիպաունտ: Շանվիլէն Ճորճ Ցինսածէ նշանակեց 23 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, Սաժես 99-62 արդիւնքով յաղթեց Պըժժէի` Սանթրալի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին (18-23, 36-37, 50-61 եւ 62-99):
Դարձի 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական տաք եւ հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Մանարայի մէջ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ամշիթը: Երթին Ամշիթ երկու կէտի տարբերութեամբ (75-73) յաղթած էր Ռիատիի:

