Կռփամարտ. Այսօր Կը Յստականան Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Մասնակցող Մարզիկներուն Անունները

Արթուր Գէորգեան

Արթուր Գէորգեան

Այսօր` ուրբաթ, 28 մարտին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին, Հայաստանի Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին նիստը` ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեանի նախագահութեամբ:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ կէտերը եւ անոնց շուրջ որոշումներ պիտի տրուին:

  • Հայաստանի ախոյեանութիւններու ամփոփում:
  • Հայաստանի հաւաքականներուն կազմերը:
  • Երիտասարդական աշխարհի ախոյեանութեան մաս կազմող մարզիկներուն անունները:
  • Տարեկան ծրագիրը:
  • Պայմանագիրներու քննարկում` կռփամարտիկներու եւ անոնց մարզիչներուն միջեւ:

ArmSport.am հայկական լրատուական գործակալութիւնը, իր լուրը քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ ծառայութենէն, աւելցուց, որ նիստը բաց պիտի ըլլայ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար:

Նիստին աւարտին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեանի մամլոյ ասուլիսը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )