Ասթանայի Մէջ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Մասնակցեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Համագումարին
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր մասնակցութիւնը բերաւ նախանցեալ օր Ղազախստանի Ասթանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հերթական 38-րդ համագումարին:
Եւրոպայի 54 երկիրներու ֆութպոլի ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչները քննարկեցին եւրոպական ֆութպոլին վերաբերող կարեւոր եւ արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ քուէարկեցին տարբեր հրատապ հարցերու:
Հայաստանէն այս համագումարին մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Մինասեան:
Արդէն իսկ յայտնի է, որ համաեւրոպական հաւաքին մասնակցողները վաւերացուցած են «Ռեզոլիւշըն օն նեշընըն թիմ ֆութպոլ, 2018-2022» նոր համաձայնագիրը:
Ասիկա կ՛ընդգրկէ Ազգերու լիկայի` ազգային հաւաքականներուն մասնակցութեամբ նոր մրցաշարքի մը ընդունման հարցը:
Այս նոր մրցաշարքին կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:
Կ՛ակնկալուի, որ Ազգերու լիկայի այս անդրանիկ ախոյեանութիւնը սկսի 2018-ին, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: