Մուշեղ Իշխանի Ծննդեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Տիգրան Ճինպաշեան Եւ Շաղիկ Մկրտիչեան Ներկայացուցին Մուշեղ Իշխան Մարդն Ու Բանաստեղծը

ishkhan.27032014Սփիւռքահայ հանրածանօթ գրագէտ, կրթական մշակ` Մուշեղ Իշխանի (Մուշեղ Ճենտերէճեան) ծննդեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 27 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութախառն հաճելի «Յիշատակի երեկոյ» մը: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած  այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Սարգիս Կիրակոսեան` նշելով, որ այս երեկոն կու գայ այն ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, որոնք նուիրուած են Մուշեղ Իշխանին եւ որոնց սկիզբի ազդանշանը տրուեցաւ 21 մարտին` լիբանանահայ վարժարաններուն մասնակցութեամբ, անոր քերթուածներուն արտասանական մրցանքով: Նմանապէս Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով` Յակոբ Գառնեշեան ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր կէտերը: Ապա ներկայացուեցաւ Մուշեղ Իշխանի հարազատ ձայնով ինքնակենսագրական տեսերիզ մը:

Շաղիկ  Մկրտիչեան

Շաղիկ Մկրտիչեան

Տիգրան Ճինպաշեան

Տիգրան Ճինպաշեան

Այնուհետեւ օրուան գլխաւոր բանախօս, Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Մուշեղ Իշխան «մարդը», որ  նախկին Հայ ճեմարանի առաջին սերունդէն եղած է եւ անոր երկարամեայ վաստակաւոր ուսուցիչներէն: «Մուշեղ Իշխան, որ ծնողազուրկ, տնազուրկ, հայրենազուրկ էր` կեանքին նայելու յատուկ եղանակ ունէր», ընդգծեց Ճինպաշեան` նշելով, որ ան ահեղ ճակատամարտ կը մղէր ի պաշտպանութիւն աշակերտներուն, իրեն գործակից ունենալով «Սըր»-ը (Անթուան Քէհեայեան): «Տերվիշի երեւոյթով այս իրա՛ւ մտաւորականը ամէնէն բարդ հարցերը ներկայացուցած է ամէնէն պարզ բառերու գրականութեամբ», շարունակեց Տիգրան Ճինպաշեան` յիշեցնելով, որ (Ճեմարանի  տնօրէն) Լեւոն Շանթ Ճեմարանի նպատակ ճշդած էր «լաւ մարդը եւ լա՛ւ հայը» ահաւասիկ Մուշեղ Իշխանը` լաւ մարդը եւ լաւ հայը, բոլորիս անզուգական Մուշեղ Իշխանը: Ճինպաշեան նաեւ անդրադարձաւ Մուշեղ Իշխանի ճեմարանական կեանքին, երբ ան ուսուցիչ ըլլալով միաժամանակ նշանակուած էր փոխտնօրէն, որ սակայն գրասենեակ չունէր եւ միշտ ոտքի, գործի վրայ էր:

Ապա Մուշեղ Իշխանի աշակերտուհիներէն ու Ճեմարանի  ֆրանսերէնի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Շաղիկ  Մկրտիչեան ներկայացուց Մուշեղ Իշխան բանաստեղծը` հատուածներ ընթերցելով անոր «Կրակ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու շարքէն: Ապա ան ֆրանսերէն մէջբերումներ կատարեց ֆրանսացի գրող Պոտլերէն ու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ գրագէտներէն` Դանիէլ Վարուժանէն, բաղդատական եզրեր որոնելով անոնց միջեւ:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր մերթ ընթ մերթ ելոյթ ունեցան Անժելինա Սարգիսեան, ասմունքելով Մուշեղ Իշխանի «Յիշեցէք զիս» բանաստեղծութիւնը, Մուշեղ Իշխանի հարազատներէն` Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերէճեաններ ջութակի վրայ նուագեցին «Սիրուհիս»` դաշնակի ընկերակցութեամբ` Նարէ Աղասարգիսեանի: Նմանապէս ելոյթ ունեցան` «Գուսան» նուագախումբը` խմբավարութեամբ Գօգօ Ալոզեանի, դաշնակի վրայ` Յասմիկ Գասպարեան, «Նանարի Նա» եւ «Հայրենի կարօտ» քերթուածներու կատարողութեամբ: Իսկ  Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան Մուշեղ Իշխանի «Մայրիկիս» բանաստեղծական  հաճելի ասմունքով տպաւորեց ներկաները:

Աւարտին ներկաները ծանօթացան ու գնեցին Գառնիկ Բանեանի եւ Մուշեղ Իշխանի գործերէն հատորներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )