Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Թէոդորոս Բ. Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

141-27032014Երէկ երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանք պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը` ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներէ ու աշխարհականներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը:

Վեհափառ հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով, պատրիարքը ողջունեց վեհարանի մուտքին: Ապա անոնք ուղղուեցան Մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Այնուհետեւ երկու հոգեւոր պետերը ուղղուեցան վեհարանի դահլիճը:

Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով ողջունեց պատրիարքին այցելութիւնը: Ան ըսաւ, որ միշտ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունեցած է ղպտի ու հայ եկեղեցիներուն միջեւ: Անդրադառնալով երկու եկեղեցիներուն հաւատքի միութեան` վեհափառը շեշտեց, որ «անցեալէն մեզի փոխանցուած մեր դաւանական միատեղ կեցուածքը անհրաժեշտ է գործակցութեան վերածել մեր եկեղեցիներու կեանքի զանազան մարզերուն մէջ»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեց ղպտի եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները վերջին տարիներուն եւ ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Թէոդորոս Բ. պատրիարքը իր կարգին անդրադարձաւ ղպտի եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ ստեղծուած սերտ գործակցութեան, որ աւելի ամրապնդուեցաւ երջանկայիշատակ Շնուտա պատրիարքին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին անձնական սերտ յարաբերութեան ճամբով: Ան խոստացաւ վերանորոգ կերպով շարունակել այդ գործակցութիւնը երկու եկեղեցիներուն միջեւ: Ան յիշեց, որ երկու եկեղեցիները դարերու ընթացքին պայքարած են հերետիկոսներուն դէմ եւ ամուր պահած իրենց ուղղափառ հաւատքը, նոյնիսկ նահատակութեան ճամբով:

Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Թէոդորոս Բ. պատրիարքը եւ վեհափառ հայրապետը մտերմիկ խօսակցութիւն մը ունեցան երկու եկեղեցիները եւ ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերուն շուրջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )