6-րդ Օրն Ըլլալով. Քեսապի Ճակատամարտը Կը Շարունակուի

kessab-2703ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Նիւ Եորքի մէջ թրքական բանակը ամբաստանեց Քեսապի ճակատամարտին ընթացքին զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոյթ տրամադրելու յանցանքով:

Մինչ այդ` Քեսապի ճակատամարտը 6-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ, մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանակից գիւղին մերձակայ շրջաններուն մէջ: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ զինեալները գիւղ ներխուժելէ անմիջապէս ետք քանդած են եկեղեցիներուն վրայ գտնուող խաչերը: Ժապհաթ Նուսրա յայտարարեց, որ Քեսապի բախումներուն ընթացքին սպաննուած է իր մարտական ղեկավարներէն Ապտելռազաք Ապտելպաքին, որ ծանօթ է «Ապի Լէյլա» անունով:

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը ամրապնդած է 45-րդ կէտի, Էքիզօլուխի եւ Ժապալ Նըսրի մէջ գտնուող իր դիրքերը: Սուրիական օդուժի ռմբաձիգներ ռմբակոծած է զինեալներուն թրքական հողամասերուն կից գտնուող դիրքերը, իսկ թրքական ուժերը շարունակած են զինեալներուն գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել:

Տահեշ Գրաւեց Պուսէյրան

ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը Ժապհաթ Նուսրայի հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւեց Տեր Զօրի մէջ ռազմավարական Պուսէյրա գիւղը, որ քարիւղի հանքերուն մօտ կը գտնուի եւ կը վերահսկէ Մայատին գիւղին:

Բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան Ժապհաթ Նուսրայի 7 անդամներ, որոնց շարքին` Տեր Զօրի մէջ խմբաւորումին Էմիրը եւ ականահարումներու պատրաստութեան պատասխանատու մը:

Share this Article
CATEGORIES