Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան մտահոգութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ հետզհետէ աւելի լարուող յարանուանական բռնարարքներուն եւ լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով յարձակումի թիրախ դարձնելու դէպքերուն առումով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնը բծախնդրօրէն կատարելու եւ պատրաստուելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ կոչ ուղղեց երկու ուղղութեամբ փակելու լիբանանեան-սուրիական սահմանը` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը ունին Թրիփոլիի տագնապը լուծելու առիթ մը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Սուրիոյ Հաուշ Արապ շրջանին մէջ պայթեցուցած է վիլլա մը, ուր զետեղուած էին ականուած ինքնաշարժներ, որոնք պիտի փոխադրուէին Լիբանան` անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու նպատակով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ եւ անոր հարց տուաւ Փաղանգաւոր կուսակցութենէն հրաժարելու պատճառներուն մասին: Հաղորդակցութեան ընթացքին Պըրրի կատակելով Սամի Ժեմայէլի առաջարկեց անդամակցիլ Ամալ շարժումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ իրենց նպատակն է արագացնել նախագահական ընտրութիւնը եւ ոչ թէ աճապարել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդակցութիւններ կը կատարեն` ճշդելու համար նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մարոնի համայնքին պատկանող հզօր եւ ազգային անձնաւորութեան մը չափանիշները ճշդել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մըր. «Դժուար թէ ծայրայեղ քրիստոնեայ մը կամ ծայրայեղ իսլամի մը զօրակցութիւնը վայելող քրիստոնեայ մը հանրապետութեան նախագահ ընտրուի»:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին լուծման հասնիլը կարելի կ՛ըլլայ միայն տարբեր նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեամբ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ արտաքին հարցերուն միջամուխ դառնալ կը նշանակէ երկիրը փորձանքի մէջ մխրճել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան զօրաւոր նախագահ մը, որ նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ համաձայնութիւն կը գոյացնէ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ միասնաբար պիտի զօրակցին նախագահական թեկնածուի մը, որ սակայն ո՛չ Ժահժահն է եւ ո՛չ ալ զօր. Աունը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կարիք չունի նախագահական ընտրութեան պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը առաջադրելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ դրամատան փոխկառավարիչի նշանակման օրակարգին շրջագիծին մէջ քաղաքական հեղինակութիւններուն առաջարկած է ներկայ փոխկառավարիչներուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ Սայտա պիտի պաշտպանէ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքներն ու պաղեստինեան դատը: