Ֆրենժիէ. «Եթէ Լիբանանի Մէջ Գործուած Քաղաքական Սպանութիւններուն Առումով Սուրիոյ Մեղսակցութիւնը Փաստուի, Պիտի Տխրիմ»

SleimanFrangieh-27032014Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նշեց, որ իրեն համար Սուրիոյ եւ Ասատ ընտանիքին հետ բարեկամութիւնը հպարտութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են քաղաքական որոշ ուղեգիծի մը եւ ուղղուածութեան մը:

«Սակայն եթէ Լիբանանի մէջ գործուած քաղաքական սպանութիւններուն առումով Սուրիոյ մեղսակցութիւնը փաստուի, պիտի տխրիմ», ըսաւ Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր յարաբերութեան կառչած կը մնայ եւ համոզուած է, որ ան ոգի ի բռին կը պաշտպանէ փոքրամասնութիւնները:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իբրեւ մարոնի համայնքի զաւակ, ինք կը հետեւի մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի հոգեւոր ուղղութեան, սակայն քաղաքական առումով կը գործէ այնպէս, ինչպէս ինք կը հաւատայ: «Անձնական մակարդակի վրայ մենք զինք կը սիրենք, որքան ինք մեզի կը սիրէ», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ան դիտել տուաւ, որ Պքերքէի կողմէ 5 ապրիլ 2005-ին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը մահուան գոյժ է: «Եթէ Պքերքէ կ՛աղերսէ, ապա մենք որո՞ւն պիտի բողոքենք ու լանք», հարց տուաւ Ֆրենժիէ:

Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի` ան ըսաւ, որ Հարիրի ամբողջ Լիբանանին նահատակն է եւ ոչ միայն այս կամ այն կողմին:

Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ իր դաշինքը իսկական եւ ազգային կամքի դաշինք է:

Share this Article
CATEGORIES