Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Խորհրդարանի դիւանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի դիւանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին ճշդուեցաւ1, 2 եւ 3 ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստերուն քննարկելիք օրակարգը:

Պըրրի երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Սամիր Ժսըրը եւ Մոհամետ Քապպարան, որոնց հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ընդհանուր իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Ժսըր յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական կացութեան ունեցած հետեւանքները շրջանի ընկերային եւ տնտեսական կացութեան վրայ:

Ան ընդգծեց ապահովական կայունութեան վերահաստատումին կողքին Թրիփոլիի մէջ բարգաւաճման ծրագիրի մը գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք ցարդ նախագահական ընտրութեան թեկնածու չունի` աւելցնելով սակայն, որ նախագահի ընտրութեան խորհրդարանի նիստին մասնակցութեան թիւը պէտք չէ բանավէճի նիւթի վերածուի:

Ան հաստատեց, որ երկրին քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն այցելութիւններ կատարող պատուիրակութիւններուն կողքին, ինք եւս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի կատարէ իշխանութեան պետերուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES