Ա. Նազարեան Հերքեց Սուրիոյ Դեսպանին Կողմէ Հայ Զինեալներ Սուրիա Ուղարկելու Պահանջին Վերաբերող Լուրերը

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին չէ խնդրած հայ զինեալներ Սուրիա ուղարկել` հայկական գիւղաքաղաքները պաշտպանելու նպատակով:

Ա. Նազարեան ընդգծեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած այս լուրը ոչ մէկ ճշմարիտ հիմք ունի եւ զուտ ապատեղեկատուութիւն է:

«Ճիշդ է, որ մենք հայ ենք, սակայն ամէն բանէ առաջ լիբանանցի ենք եւ գաղտնի համաձայնագիրներ չունինք: Մեր մօտ ամէն ինչ յստակ է ու թափանցիկ», ըսաւ Ա. Նազարեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES