Վերջին Հրաժեշտ Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Զաքքա Ա. Իուաս Պատրիարքին

zakka_funeralԱսորի ուղղափառ համայնքի Էշրեֆիէի Մար Աֆրամ առաջնորդարանին մէջ երէկ կատարուեցաւ ասորի ուղղափառ համայնքի հոգեւոր պետ Զաքքա Ա. Իուասի պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի, Սաատ Հարիրիի եւ Ֆուատ Սինիորայի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւններ, որոնց շարքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պապը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Ֆրանչիսկոս պապի ներկայացուցիչ կարտինալ Քուկը, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի

պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին ասորի ուղղափառ համայնքին խօսքը արտասանեց առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսը, որ անդրադարձաւ Իուաս պատրիարքին գործունէութեան ու առաքելութեան եւ հոգեւոր կեանքի տարբեր հանգրուաններուն:

Նշենք, որ Զաքքա Ա. Իուաս պատրիարքին մարմինը երէկ փոխադրուեցաւ Դամասկոսի Պապ Թումայի պատրիարքութեան Մար Ժըրժոս պատրիարքարանը, իսկ այսօր թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Սէյտնայայի գերեզմանատան մէջ, ինչպէս փափաքած էր վախճանեալ պատրիարքը` իր կտակին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )