Ահաբեկիչ Սամի Աթրաշ Կը Սպաննուի Բանակին Հետ Զինեալ Բախումի Մը Ընթացքին
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաստատեց, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 5:00-ին, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կրցած էր ճշդել ահաբեկիչ Սամի Աթրաշի թաքստոցը` Արսալի մէջ:
Երբ բանակը փորձած էր ներխուժել Աթրաշի թաքստոցը, ան կրակ բացած է բանակին դէմ եւ անոնց միջեւ արձանագրուած է զինեալ բախում, որուն պատճառով Աթրաշ սպաննուած է:
Բանակին տեղեկութիւններուն համաձայն, պահանջուած ահաբեկիչը` Աթրաշ, ամբաստանուած է ինքնաշարժներ ականելու, լիբանանեան գիւղաքաղաքներու դէմ հրթիռարձակում կատարելու, քաղաքացիներ բանտարկելու, Ռաֆեքի հովիտին մէջ չորս քաղաքացիներ սպաննելու, Հմայտի հովիտին մէջ զինուորականներ սպաննելու, ինչպէս նաեւ բանակի սպաներէն մէկուն դէմ ականահարում մը ծրագրելու յանցանքներով:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 6:15-ին դիմակաւոր երկու զինեալներ մոթորսիքլեթով անցան Թրիփոլիի Պուլվար շրջանէն եւ իրենց գնդացիրներէն փամփուշտներ արձակեցին բանակային Ֆատի Ժուպէյլիի դէմ ու սպաննեցին զայն:
Բանակի հրամանատարութիւնը այս դէպքին մասին հետաքննութիւն բացաւ` բացայայտելու համար յանցագործները:
Նշենք, որ երէկ Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումները վերսկսան, երբ Թրիփոլիի «Քուալիթի Ին» պանդոկի երկու ալեւի պաշտօնեաներ, որոնք Ժապալ Մըհսենի բնակիչներ էին, անծանօթ զինեալներու կողմէ կրակոցի ենթարկուեցան եւ վիրաւորուեցան. անոնցմէ մէկը` ծանրօրէն:
Անհրաժեշտ է նշել, որ «Քուալիթի Ին»-ի տնօրէնութիւնը նախապէս արդէն 10 պաշտօնեայ գործէ արձակած էր Ժապալ Մըհսենի բնակիչներ ըլլալու պատճառով եւ անոնց անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը յաջողած է Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարող եւ ահաբեկչական բնոյթ ունեցող ցանցերուն ողնասիւնը փշրել` անոնց 85 առ հարիւրին ձերբակալումով:
Ան աւելցուց, որ բանակը յստակօրէն գիտէ մնացեալ յանցագործներուն ինքնութիւնը եւ անոնց նպատակներն ու թաքստոցները, ինչպէս նաեւ զանոնք ֆինանսաւորող կողմերը եւ կը ջանայ ձերբակալել զանոնք:
Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ բանակը իր իրաւունքը պիտի պահպանէ եւ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն պիտի բանեցնէ` արգիլելու համար երկրին դէմ նախապատրաստուող սադրանքները: