Կառավարութիւնը Ապահովութեան Ուժերուն Տրամադրեց Ապահովական Ծրագիր Մը` Թրիփոլիի Կայունութիւնը Վերահաստատելու Համար

Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ բանակը թիրախ դարձնելը խիստ մերժելի է, եւ կոչ ուղղեց հետեւելու Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին տրամադրած ցուցմունքներուն:
Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ օր մը առաջ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ մշակուած ապահովական ծրագիրը փոխանցուեցաւ կառավարութեան, որպէսզի անիկա վաւերացուի եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ գործադրուի` Թրիփոլիի կայունութիւնը վերահաստատելու համար:
Կառավարութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց ապահովական այդ ծրագիրը, որուն հիման վրայ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի կացութիւնը հակակշիռի տակ պիտի առնեն` արգիլելով զինեալ երեւոյթներն ու զէնքերուն գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի գրաւեն զէնքի ու զինամթերքի մթերանոցները Թրիփոլիի բոլոր շրջաններէն:
Ժրէյժ ընդգծեց նաեւ, որ բանակը պիտի գործադրէ դատական իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակուած բերման գիրերը` ձերբակալելով բոլոր յանցագործներն ու ամբաստանեալները:
Հիւսիսային Լիբանանի նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին առնչութեամբ:
Արդարութեան նախարար զօր. Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ այնքան ատեն որ ապահովական այդ ծրագիրը արդար կերպով պիտի գործադրուի Թրիփոլիի բոլոր շրջաններուն մէջ, ապա թող գործադրուի եւ բերման գիր ստացած իւրաքանչիւր քաղաքացի ձերբակալուի:
Քննարկումներուն ընթացքին ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ ոմանք մնայուն կերպով ակնարկութիւն կը կատարեն, թէ Պեքաայի մէջ կան շրջաններ, որոնք Հըզպալլայի հակակշիռին տակ կը գտնուին. ան շեշտեց, որ այդ լուրերը անճիշդ են, եւ լիբանանեան բանակը ներկայ է հիւսիսային Պեքաային մէջ եւ պատրաստ` կատարելու իր պարտականութիւնը:
Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն տրամադրութեան տակ դնելու թղթածրարը, որ դարձեալ վաւերացուեցաւ` հակառակ Ամալ շարժումի նախարարներուն վերապահութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ու Հըզպալլայի նախարարներուն մերժումին:
Մերժող քաղաքական կողմերը հաստատեցին, որ իրենց մերժումը այս օրէնքին կը կայանայ այն նրբութեան մէջ, որ անհրաժեշտ է ապահովել քաղաքացիներուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ազատութիւնը` առանց ոտնձգութիւն գործելու անոնց անձնական կեանքին մէջ:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը յետաձգեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կառոյցի վերածելու թղթածրարին քննարկումը:
Կառավարութիւնը պարտականութիւն տուաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի` պատրաստելու Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչի պաշտօնի թեկնածուներուն կենսագրականները: