«Քեսապի Հայերուն Դէմ Յարձակումները Անընդունելի Են» Կ՛ըսէ Թրայան Հրիսթէա

Traian-Hristea.2703Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Եւրոպական Միութեան տեղեկացուց Սուրիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքին մէջ կատարուող դէպքերուն մասին, որոնց շուրջ Եւրոպական Միութիւնը պիտի յայտնէ պաշտօնական տեսակէտ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէան:

«Մենք արդէն մեր ուղերձը փոխանցեցինք Պրիւքսէլ եւ հետամուտ պիտի ըլլանք, թէ ինչպէ՛ս անոնք պիտի անդրադառնան այս հարցին: Սակայն մեր ուղերձը նոյնն է` Քեսապի հայ քաղաքացիներուն դէմ յարձակումները անընդունելի են», «Արմենփրես»-ին յայտնեց Հրիսթէան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )