Վրաստանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելած Է Ջաւախք

Լեւենթ Զեքի Կիւմրիւքչիւ
«Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Լեւենթ Զեքի Կիւմրիւքչիւ այցելած է Ջաւախք: Երկու ամիս առաջ իր պաշտօնը ստանձնած դեսպանին այցելութիւնը կրած է ծանօթացման բնոյթ:
Կիւմրիւքչիւ եղած է Ախալցխա շրջանին մէջ: Այնտեղ ան հանդիպում ունեցած է տեղացի պաշտօնատարներու հետ եւ այցելած բանտ: Ապա դեսպանը այցելած է շրջանին մէջ գործող պետական համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ:
Դեսպանը հետաքրքրուած է այդ համալսարանին մէջ թրքերէնի ուսուցումի հարցով եւ ըսած, որ ապագային պիտի համագործակցի համալսարանին հետ:
CATEGORIES Հայկական