Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Դարձեալ Զինուոր Մը Զոհուած Է

Երէկ` հինգշաբթի, 27 մարտ 2014-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ գտնուող զօրամասերէն մէկուն մէջ, զինուորական պարտականութեան ընթացքին, ազրպէյճանական կողմէ մահացու հարուած ստացած է զինուորական ծառայող Արայիկ Բաբայեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, հաստատելէ ետք դէպքին ճշգրտութիւնը, տեղեկացուցած է, որ մանրամասնութիւնները յայտնաբերելու համար քննութիւն բացած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )