Հայաստանի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանը Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Վերադառնայ Երեւան

Ivan_Kukhta1Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատան խորհրդական Իկոր Ռոման «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իվան Քուխթա, որ Քիեւ մեկնած էր, յառաջիկայ շաբաթ պիտի վերադառնայ Երեւան:

Ըստ անոր, դեսպանը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` իբրեւ Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ:

Ուքրանական լրատուական գործակալութիւնները նախապէս հաղորդած էին, որ Ուքրանիա Հայաստանի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութեանց համար կանչած է Քիեւ:

Share this Article
CATEGORIES