«Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Հարցով Ստեղծուած Ճգնաժամը Պէտք Է Հարթուի» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան

Այսօր Սահմանադրական դատարանին մէջ պիտի քննարկուի «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի որոշ դրոյթներու սահմանադրականութեան հարցը:

Այս քննարկման ընդառաջ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարանէն կ՛ակնկալուի անաչառ, անկողմնակալ եւ խորքային քննութիւն նախ եւ առաջ իրաւական տեսակէտէն` նկատի ունենալով, որ կան յստակ հակասութիւններ ընդունուած օրէնքին եւ սահմանադրութեան միջեւ:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, Սահմանադրական դատարանը իր բոլոր լիազօրութիւնները օգտագործելով պէտք է հարցին այնպիսի լուծումներ տայ, որ խնդիրին վերաբերեալ ստեղծուած ճգնաժամը հարթուի:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ վերջին օրերուն իշխանութեան տարբեր մակարդակներէն հնչող յայտարարութիւնները, որոնցմէ կարելի է ենթադրել, որ իշխանութիւնները պատրաստ են համաձայնութեան գալու եւ փոփոխութիւններ կատարելու վիճայարոյց օրէնքին մէջ, Ռուստամեան ընդգծեց, որ ասոնք ցոյց կու տան, որ իսկապէս օրէ օր աւելի կը գիտակցուի խնդիրին լրջութիւնը:

«Նախ կայ այն հանգամանքը, որ կարելի չէ որեւէ բարեփոխում յաջողցնել, եթէ այդ բարեփոխման դէմ է բնակչութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը: Ի վերջոյ բարեփոխումը չեն իրականացներ ղեկավարները, ատիկա կ՛իրականացնեն հասարակութիւնը եւ միասնական ժողովուրդը, եւ եթէ այդ միասնականութիւն չկայ, ապա ոչ մէկ բարեփոխում կրնայ իր նպատակին ծառայել: Ասիկա ամէնէն կարեւոր հաստատումն է, որ իշխանութիւնները օր առաջ պէտք է գիտակցէին», նշեց ան:

Արմէն Ռուստամեան ուշադրութիւն հրաւիրեց երկրորդ կէտին վրայ, թէ կան Սահմանադրական դատարանի գործունէութեան մէջ արձանագրուած նախադէպեր եւ եթէ այդ նախադէպերով շարժինք, ապա, ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, բարձրացուած հարցերուն զգալի մասը պէտք է լուծում ստանայ ի նպաստ դիմում կատարողներուն, որովհետեւ ակնյայտ հակասութիւններ կը յառաջանան սահմանադրութեան պահանջներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )